Ձախլիկը հականիշն է աջլիկին:
Մարդոց 15%-ը ձախլիկ է, այսինքն՝ իւրաքանչիւր եօթը հոգիէն մէկը ձախլիկ է:
Ձախլիկութիւնը կը համարուի ուղեղի կառուցուածքի առանձնայատկութեան դրսեւորումը: Մարդու ուղեղին 2 կիսագունդերը զիրար կ’ամբողջացնեն: Աջ կամ ձախ ձեռքի գործածութիւնը կ’որոշուի ոչ թէ մանուկին նախասիրութեամբ կամ փափաքով, այլ ուղեղին աջ եւ ձախ կիսագունդերու գործառոյթներուն բաշխումին համաձայն:
Ձախլիկ մարդը յաճախ ձախ ձեռքը կ’օգտագործէ: Այսինքն, ան անձնական կարիքները հոգալու, գրելու, կերակուրի պատրաստութեան եւ այլ գործողութիւններու համար գլխաւորաբար կ’օգտագործէ ձախ ձեռքը:
Ձախլիկներու միջազգային տօնը կը յիշատակուի ամէն տարի 13 Օգոստոսին:
1977-ին չափահաս մարդոց շուրջ 8-15 % -ը ձախլիկ կը համարուէր:
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ ձախլիկներու գերակշռող մասը տղամարդիկ են:
Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, ներկայիս աշխարհի մէջ կ’ապրի շուրջ 500 միլիոն ձախլիկ մարդ: Եւրոպայի մէջ ծնած մանուկներուն տասը տոկոսը ձախլիկ է:
Աջլիկութիւնը աւելի ընդհանրացած է: Աջլիկ մարդիկ առաւելաբար աջ ձեռքով կը կատարեն այլազան աշխատանքներ: Ուսումնասիրութիւններ կը վկայեն, որ ներկայ տուեալներով աշխարհի բնակչութեան 70-90%-ը աջլիկ է:
Գոյութիւն ունին նաեւ երկու նախընտրութիւն ունեցող մարդիկ, որոնք ի վիճակի են երկու ձեռքերն ալ օգտագործելու, սակայն ոչ նոյն ճկունութեամբ: Օրինակ՝ որոշ մարդիկ կրնան լաւ գրել ձախ ձեռքով, բայց գնդակը աւելի լաւ կը նետեն աջով:
Ձախլիկ մարդոց մեծ մասը հետագային խառն նախընտրութիւններու տէր կը դառնայ, քանի որ կ’ապրի աջլիկ մարդոց հետ կամ աջլիկ ծնողներու հետ:
Երկուութիւնը հազուադէպ է, հակառակ անոր որ կարելի է վարժութեամբ երկու ձեռքերու օգտագործումը կիրարկել հաւասարապէս:
ՁԱԽԼԻԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻ՞ՒՆ Է
Ձախլիկները կ’ունենան արտասովոր հմտութիւններ: Երաժիշտներու, ճարտարապետներու, թուաբանագէտներու, արուեստի գործիչներու նկատառելի մէկ տոկոսը ձախլիկ է:
Գիտնականներու կարծիքով, ուղեղին կեդրոնական ջղային համակարգին յղած ազդանշանները աւելի կանուխ կը հասնին մարմինին ձախ մասին, հետեւաբար ձախլիկ մարդիկ կարելիութիւն կ’ունենան աւելի շուտ ընդունելու զանոնք եւ աջլիկներէն աւելի արագ արձագանգելու:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ըսեն, որ ձախլիկները աւելի խելացի են, իրենց մտածելու ձեւը գեղարուեստական է եւ այլն:
Հանրածանօթ ձախլիկներ են Ալեքսանդր Մակեդոնացին, Յուլիոս Կեսարը,Նափոլիոն Պոնափարթը,Փապլօ Փիքասօն,Մոցարտը, Պեթհովենը, Չառլի Չափլէնը, Ֆիտէլ Քասթրօն եւ ուրիշներ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան