Թուրքիոյ մէջ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն դուրս գալ կուսակցութեան շարքերէն եւ կ’անդամակցին այլ կուսակցութիւններու: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ իշխող կուսակցութիւնը լուրջ տագնապէ կը տառապի:
Թրքական «Պիրկիւն» թերթը յայտնեց, որ Թուրքիոյ Բարձրագոյն դատարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, որուն մէջ յիշած է երկրի քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներուն թիւը: Հաղորդագրութեան համաձայն, Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը կը շարունակէ անդամներու նուազում արձանագրել: Կուսակցութիւնը նախորդ 50 օրուան ընթացքին 15.000 եւ 692 անդամ կորսնցուցած է, ինչ որ կը փաստէ այս նիւթով հրապարակուած հարցախոյզներուն հաւաստիութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է նաեւ, որ մինչ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան անդամներուն թիւը կը նուազի, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամներուն թիւը աճ կ’արձանագրէ: «Բարիք» կուսակցութեան անդամներուն թիւը աւելցած է 42. 533 անդամով, Ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութեանը 4.230-ով, իսկ ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեանը 411-ով: