Լիզա Սահակեանի տարելիցին առիթը պատճառ հանդիսացաւ, որ ընտանեօք ուղղուինք դէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցի։ Փլատակները զննելով ինքնաշարժը Սապահ Պահրաթէն դէպի Սալիպէ դարձաւ. ասկէ առաջ, պատերազմէն վերջ թերեւս անգամ մըն ալ անցած էի այս փողոցէն, բայց կարծես հիմա թաղերու քանդումին ահաւորութենէն անդին ուրիշ մանրամասնութիւններ զիս կը գրաւեն։
Կիսաքանդ Սալիպէի շէնքերուն աւերակներուն մէջէն նշմարելի էր գեղեցիկ կառոյցներու երբեմնի մնացորդացը, որ դէպի Պապ Էլ Հատիտ տանող ճամբու բոլոր շէնքերունն է, արուեստագէտ քարտաշներու ձեռքի գործեր, որոնք պատմութիւն կը բուրեն։
Սալիպէ դարձիդ տակաւին մնացած են զինուորներու պաշտպանական քարէ կոյտերը. իսկ աջին արդէն ամէն կողմ փլատակ շէնքեր. ուրկէ-ուր պէտք է դառնայիր, ո՞ւր նայէիր։
Բանկալին կեցած ծանօթ օրիորդը կը բարեւէ ժպիտով. այս եկեղեցւոյ մուտքին թաղականութեան այս սեղանին ետին հօրս ժպիտը պէտք էր երեւէր, երկար տարիներ ամէն Կիրակի հայրս, որպէս թաղականութեան ատենապետ հոն կ’ըլլար, գոհունակ ժպիտով կը դիմաւորէր մանաւանդ երբ մենք ըլլայինք ներս մտնողները։
Մոմս կը վառեմ ու կը տեղաւորուինք նստարաններուն վրայ։ Արարողութիւնը ընթացքի մէջ է, բայց զիս կը հետաքրքրէ սրբապատկերներու ահաւորութիւնը այսօր։ Սրբապատկերի մը եզերքը գեղեցիկ նախշազարդ մը ուշադրութիւնս կը գրաւէ։
Աչքս կը դառնայ եկեղեցւոյ սիւներուն, որոնք վերանորոգումէն ետք վերադարձած են իրենց սկզբնական վիճակին, սիւներէն մէկուն ծայրը ինչ որ խոյակին քով փորագրութիւն մը կ’երեւի, որ կորսուած էր նախկին մարմարներուն տակ։
Ամբողջ պատմութիւն մը կը սաւառնի յիշողութեանս պաստառին վրայ։ Երբ եկեղեցին մարմարապատելու աշխատանքին մէջ էին, խորանները եւս վերափոխուեցան, տախտակէ խորաններ էին աջին եւ ձախինը, որոնք այդ օրուան տրամադրութեամբ պէտք է փոխարինուէին նորերով։
Հայրս ջատագովն էր այդ հիները չթափելու, տագնապեցաւ օրերով մինչեւ որ անոնք տեղաւորուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից գտնուող այնթապցիներու նախկին մատուռին մէջ, որ քանի մը տարի ետք «Գանձատան» վերածուեցաւ ու այդ խորանները, որպէս հնութիւն ցուցադրուեցան այնտեղ։
Կը վերադառնամ արարողութեան՝ քարոզին, բայց այսօր զգացումներս զիս կը խեղդեն, ու ես չեմ կրնար հետեւիլ այնպէս ինչպէս կ’ուզեմ։
Վերջապէս Հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք քահանան կը յայտարարէ, որ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ սրահը…։
Բոլոր ցաւակցողներուն հետ կը բարձրանանք վեր, դէպի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի նախկին սրահը։ Աստիճաններուն աջին բաց պատուհաններու եզրէն կ’երեւին «Աղբալեան»ի վարչութենէն մնացած կիսաքանդ կահ-կարասիներ, սեղան մը եւ ինկած փեղկերով պահարաններ ։
Աստիճաններուն գլուխը Հայկազեանի նախկին մանկապարտէզի դասարաններն էին՝ երեք դասարան մէջ-մէջի, առաջինը նաեւ որպէս ուսուցչարան ծառայած է, ուր նաեւ հանդէսի փորձերը տեղի կ’ունենային։ Առաջինը միւս ծայրէն օրդ. Գոհարիկ Համմալեանի մնայուն դասարանն էր։ Կը յիշեմ նաեւ իմ նստած գրասեղանը, բայց կարելի չէ մինչեւ հոն հասնիլ հիմա, տակաւին քանդուած առաստաղներու եւ պատերու կոյտերը թիզուած են ու արգելք կը հանդիսանան։ Այդ օրերուն ալ վախով կ’անցնէինք մէկ դասարանէն միւսը, երբ ուսուցիչներէն մէկը բան մը կը խնդրէր ուսուցչարանէն։ Օդի ջերմաստիճանը այնքան ցած է՝ Հալէպի ամենապաղ օրերէն մէկն է, ու մենք սառած ու շշմած սրահ կը մտնենք։ Կը տեղաւորուինք ցուրտ, բայց ծանօթ սրահին մէջ, հին բարեկամներ զիրար ջերմացնել կը սկսին, ու օղակ-օղակ Համազգայինի երբեմնի օրերը կը յիշեմ իր ջերմ մթնոլորտով, այս սրահին պատերը վկայ։ Քարապատուած է «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի նախկին ուսումնարանին մուտքը, որովհետեւ հոն տակաւին քար ու քանդ բաժին մը կայ։ Սրահի պատուհանիկներն ալ քարապատուած են. անոնք նախապէս որպէս գրադարան կ’օգտագործուէին, ուր կը ցուցադրուէին Համազգայինի նոր հրատարակութիւնները։
Սուրճէն ետք քահանան կը յուշէ, որ սրահի վերանորոգութիւնը տակաւին 2 օր առաջ միայն աւարտած է եւ Դպրաց Դասի հեւքոտ աշխատանքով մաքրուած ու կոկուած է ան, ընդունելու Լիզա Սահակեանի հարազատներուն ցաւակիցները։ Տիկին Լիզան երկար ծառայութիւն ունեցած էր եկեղեցական մարզէն ներս։
Ակամայ կը յիշեմ համազգայինի տոհմիկ օրերը, երբ խումբ մը տիկիններ այս սրահի խոհանոցին մէջ հարիւրաւորներու ճաշ պատրաստած էին, մայրս ալ անոնցմէ էր ու մենք բնականաբար հոն պիտի ըլլայինք իր հետ։ Այդ խումբի տիկիններէն ոմանք մահացած են. արդէն ինչպէս Տիկն. Լիզան, ուրիշներ լաւ կը յիշեն այս սրահին մէջ եղած ցուցահանդէսները, գրական երեկոները, հիւրաբար Հալէպ ժամանած դասախօսները՝ Գ. Շահինեան Հ. Լեւոն Զէքեան, Խտշեան…, ասմունքի երեկոները, որոնք ամէնօրեայ եռուզեռի վայր կը պահէին այդ շէնքը՝ Համազգայնականներով։ Մանկապարտէզի վարի սենեակներն անգամ Համազգայինը կ’օգտագործէր որպէս պարախումբի տարազներու պահեստանոց, միշտ ալ հարց ունենալով թաղականութեան հետ։ Հայրս եւ մայրս ալ կը վիճաբանէին շատ անգամ՝ մէկը Համազգայինը, միւսը թաղականութիւնը պաշտպանելով։
Յանկարծ կ’անդրադառնամ որ Աղբալեանի եւ Շանթի նկարները, որոնք սրահի ճակտին էին, չկան այլեւս։ Մէկը կը յուշէ, որ այդ կողմի պատը եւ առաստաղը քանդուած են։ Հիմա վերանորոգուած վիճակով պատին վրայ հազիւ սպիներ կ’երեւին, բայց գոցուած է Համազգայինի էջը այս յարկին տակ, ձգելով յուշեր ու «սրբազան խենթեր»ու աշխատանքի ոտնահետքեր, որոնք բոլոր գաղութներու պատմութիւնն են. անցնելու նոր փուլի, ուր նոր ընելիքներ կը սպասուին նոր «Սրբազան Խենթեր»է։
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան