Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, այցելեց Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար Ապտուլ Սաթթար Սեյիտին, Դամասկոս։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, Ազգային Վարչութեան ատենապետը, Սուրիոյ խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու թեմիս ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նախ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց նախարարին, ապա Բերիոյ Հայոց Թեմին ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհաւորեց զինք եւ իր սրտի անհուն ուրախութիւնն ու խնդակցութիւնը յայտնեց Հալէպի ամբողջական ազատագրման առիթով, մաղթելով Սուրիոյ ամբողջական տարածքին շուտափոյթ ազատագրումը։

Նախարարը ուրախութեամբ ընդունեց պատուիրակութիւնը, յայտնելով, որ հայ ազգին հետ գործակցութիւնը միշտ ցանկալի է Սուրիոյ պետութեան համար։ Ապա յայտնեց իր յարգանքը Նորին Սրբութեան, հայ ազգին եւ բարձրօրէն գնահատեց սուրիահայ համայնքին պատուաբեր կեցուածքները պատերազմի ողջ տարիներուն։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւող ջերմ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի շրջաններուն առնչուող այլազան նիւթեր։ Նախարարը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց տարուող աշխատանքներուն, դիտել տալով որ Սուրիոյ եկեղեցի ներուն եւ մզկիթներուն պահպանումն ու վերականգնումը նախարարութեան առաջնահերթութիւններուն մաս կը կազմեն։