«Երկիր».-19 Փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն արդիւնքները 11 տեղամասի մէջ չեղեալ յայտարարուած են: Նման որոշում առնուած է Ատրպէյճանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձանաժողովին կողմէ:
Հետագային, ատրպէյճանական ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» Կուսակցութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ ըսուած է, որ 19 Փետրուարին Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները անցած են ժողովրդավարական նախընտրական միջավայրի, համապատասխան իրաւական հիմքի եւ հաւասար քաղաքական պայքարի բացակայութեան, ուստի պահանջուած է չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններուն արդիւնքները: