Չռրեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ազգային Եփրատ մանկապարտէզի աշակերտները խանդավառ եւ ոգեւորուած, ճոխ երգերով եւ ներկայացումներով յիշատակեցին Սրբոց Վարդանանց տօնը, իսկ Ուրբաթ, 20 Փետրուարի առաւօտուն, զգեստներով եւ դիմակներով ծպտուած, դպրոցին մէջ տօնեցին Բուն Բարեկենդանը։ Անոնք իրենց ուսուցչուհիներուն հետ միասին պարերով ու խմբային երգերով ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին։