Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ փոխադրութեան նախարար Ալի Համմուտ այսօր պաշտօնապէս յայտարարած է Դամասկոս-Հալէպ միջազգային ճամբուն բացումը։

Նախարարը Հալէպի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ճամբան պաշտօնապէս բանեցման դրուած է փոխադրակառքերուն եւ ժողովուրդին ծառայութեան համար, աւելցնելով որ ընթացք առած է նաեւ Հոմս-Համա-Հալէպ երկաթուղիներու նորոգութիւնը եւ յառաջիկայ ամիսներուն կայարանները եւս բանիլ պիտի սկսին։