«Երկիր».- 23 Փետրուարին ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ԱԳՆ ղեկավար կազմի հանդիպումը Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջունելով յանձնախումբերու ներկայացուցիչները` նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց սոյն հանդիպումը, որ իր նպաստը պիտի բերէ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկուն` համահայկականութեան արդիւնաւէտութեան: Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ նմանօրինակ հանդիպումները պարբերական բնոյթ պիտի կրեն եւ պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու գործակցութեան ձեւաւորման եւ ամրապնդման:
Միտքերու հանգամանալից փոխանակում տեղի ունեցաւ արցախեան հիմնահարցի, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը հարցերու շուրջ: