«Երկիր».-Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ժնեւի մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանին հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցած է ՄԱԿ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստին, Զուիցերիոյ Ժնեւ քաղաքին մէջ:
Երկու նախարարները քննարկած են արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: Անոնք քննարկած են նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ տեղագրական օրակարգին առնչուող հարցեր: