«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ միատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է արցախեան հակամարտութեան եւխօսած Խոջալուի դէպքերուն մասին:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որքան Ատրպէյճանի, նոյնքան ալ Թուրքիոյ խնդիրն է», յայտարարած է Էրտողան: Ըստ անոր` Թուրքիա կը փափաքի, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծուի Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան» վերականգնման շրջագիծէն ներս:
Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիա հակամարտութեան կարգաւորման գծով պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել Ատրպէյճանին: Թուրքիոյ նախագահին բնորոշումով` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով՝ «Անկեղծ չէ, որովհետեւ մօտաւորապէս 25 տարի կը շարունակուի ձգձման քաղաքականութիւնը»: Ըստ Էրտողանի, անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ բանակցութիւնները արդիւնք չեն տար:
Թուրքիոյ նախագահը Խոջալուի դէպքերուն անդրադարձած է, հարցը ներկայացնելով ատրպէյճանական դիտանկիւնէն։