Վարդան Մամիկոնեանը՝ Ե. Դարու հայ զօրավարը, հայոց զօրքերու սպարապետը, եթէ մեր մէջ ըլլար կը հարցնէի անոր.
-Նկատի ունենալով պարսկական հսկայ բանակը, ի՞նչն էր պատճառը, որ կռուի ելաք անոր դէմ:
 Վստահ եմ, որ Վարդանը ինծի պիտի պատասխանէր.
-Վասն հայրենեաց, վասն կրօնի եւ հաւատքի: Այս արժէքներուն սիրոյն, քաջութեամբ եւ հպարտութեամբ դէմ  ելանք  թշնամիին: Փոքրաթիւ քաջերով, բայց հզօր կամքով մղեցինք կռիւը, որ մենք մեզ քրիստոնեայ պահենք:
Վարդանի պատգամն է մեզի, որ հաստատ մնանք մեր հաւատքին եւ ազգութեան մէջ, անսասան պահելով մեր ազգային աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներուն տէր կանգնելով ըլլանք հպարտ հայեր եւ Վարդանանց արժանի ժառանգորդներ:
Բարտի Լնդեան
Ը. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան