Մարդուն մարմինը հոյակապ կազմուածք մըն է, որ կարգի կը դնէ ինքզինք՝ սնանելով, աշխատելով ու հանգստանալով։ Երբ կը խախտենք բնական օրէնքները, մարմնին մէջ կը ստեղծենք թոյն, որմէ ան կը ջանայ ձերբազատիլ։ Այս ընթացքը հիւանդութեան դէմ պայքար կը նկատուի եւ ազդանշաններուն համաձայն կը բնութագրուի։
Եթէ օրինազանցութիւնը սրբագրուի բնական կերպով, ամբողջական դարմանումի կարելի է հասնիլ, առանց արտաքին ազդակներու օգնութեան։ Այս բնական դարմանումը կ’իրականանայ հետեւեալ քայլերով.
1.- Պահք պահել եւ յարմար ուտելիքներով սնանիլ, օգտագործելով գրեխ (enema), ցեխի փաթոյթներ (mud pack), շոգեբաղնիք եւ մերսում։
2.- Օգտագործել ծլարձակած ցորենն ու անոր հիւթը՝ հում վիճակով։
3.- Միայն թարմ ու հում բանջարեղէնով սնանիլ։
4.- Օգտուիլ մագնիսներով հիւանդութիւններ բուժելու գիտութենէն (Magnetoteraphy)։
5.- Օգտագործել մարմնի կարեւոր կէտերը սեղմելով բուժելու գիտութիւնը (Acupressure Theraphy)։
6.- Օգտագործել միզաբուժումը (Urine Theraphy), որ կը բուժէ բոլոր հիւանդութիւնները եւ կը պահպանէ մտային եւ մարմնային առողջութիւնը։
Իւրաքանչիւր անձ կրնայ օգտագործել այս ձեւերէն մէկը կամ աւելին՝ իր համոզումին ու բժիշկին թելադրանքին համաձայն։
– Acupressure Theraphy-ն ծագում առած է Հնդկաստանէն, 5000 տարի առաջ։ Ամերիկայի մէջ ալ փորձագէտներու կողմէ օգտաշատ համարուած է ան։ Acupressure Theraphy-ի կը հետեւէին տարբեր ձեւերով, տարբեր երկիրներու մէջ։ Կ’ըսուի, թէ կարմիր հնդիկները 16-րդ դարուն արդէն դարմանած են հիւանդութիւններ՝ հիւանդին երկու ոտքերուն տակ գտնուող տարբեր կէտերը սեղմելով եւ մերսելով։
Բժիշկ Ֆրիթզճերլըտ (Dr. Fritzgerald) եւ ուրիշներ 20-րդ դարուն Ամերիկայի մէջ երկար հետազօտութենէ ետք լոյսին բերած են այս գիտութիւնը։
Այս դարմանամիջոցին հիմքը կը կազմեն մարմնի տարբեր մասերուն՝ ձեռքեր, ոտքեր, վրայ գտնուող կէտերուն սեղմումն ու մերսումը։
Այս դարմանումը կրնայ լուծել մարդոց առողջական այլազան հարցերը։
Անոր հետեւորդներուն համաձայն, աշխարհը կրնանք բաժնել հետեւեալ մասերուն.
– 60%-ը կը կազմեն այն մարդիկը, որոնք առողջ են, բայց ենթակայ են հիւանդութիւններու։ Կանոնաւորաբար Acupressure-ի հետեւելով, անոնք կրնան կանխարգիլել հիւանդութիւնները։
-25%-ը կը կազմեն այն մարդիկը, որոնք կը տառապին տարբեր հիւանդութիւններէ, բայց կրնան բուժուիլ եւ կրկին չհիւանդանալ այս գիտութեան շնորհիւ։
-15%-ը կը կազմեն այն մարդիկը, որոնք կարօտ են բժշկական օգնութեան, դեղի եւ կամ վիրահատումի։
Այս գիտութեան օգտագործումը կ’օգնէ բոլորին, ուստի անհրաժեշտ է սորվիլ եւ տարածել այս գիտութիւնը զանազան ձեւերով, խնայելով ծախսալից բուժումներն ու դեղերը։
Այս գիտութեան համաձայն մարմինը կազմուած է հինգ տարրերու ազդեցութենէ՝ հողը, ջուրը, կրակը, օդը եւ անջրպետը։ Ուստի պահպանելու համար մեր մարմնին հաւասարակշռութիւնը, պէտք է ուտենք եւ խմենք տարուան իւրաքանչիւր եղանակին համապատասխանաբար՝ այսինքն այդ եղանակին աճող բոյսերը, պտուղները, բանջարեղէնը եւ այլն։