ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ամբողջացման փուլի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը Համայի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին կատարեց երեք ճակատագրական մրցում, որոնց ընթացքին արձանագրեց մէկ յաղթանակ եւ երկու պարտութիւն: Առաջին օրը ՀՄԸՄ-ի աղջիկները յաջողեցան պարտութեան մատնել Համայի Մահարտէ խումբը՝ 62-52 արդիւնքով: Մրցումին բարձրագոյն կէտ նշանակողն էր ՀՄԸՄ-ի խաղացող Մեղրիկ Եագուպեան՝ 35 կէտ: Երկրորդ հանդիպումին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը դարձաւ Դամասկոսի ճարամանան: Հանդիպումը աւարտեցաւ 53-50-ով, ի նպաստ մրցակիցին: Հաւաքի վերջին օրը ՀՄԸՄ-ի կազմը ենթարկուեցաւ իրաւարարներու անարդար որոշումներուն: Այս մասին  յայտնեցին նաեւ դաշտ գտնուող պասքեթի մասնագէտները: Լաթաքիոյ Հըթթինը մեծ դժուարութիւն ունեցաւ արձանագրելու իր երրորդ յաղթանակը, իրաւարարներու կողմնակցութեան պատճառով: Աւարտին, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրուած կէտերու տարբերութեամբ գրաւեց աղիւսակի երկրորդ դիրքը եւ Հըթթինին հետ փոխանցուեցաւ յաջորդ փուլ: Աւելցնենք, որ սոյն փուլին ՀՄԸՄ-ի խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ ՀԵԸ-ի աղջկանց խումբը, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ Թատամոնն ու Դամասկոսի Ֆէթհաա-ը:
– Սուրիոյ փինկ փոնկի 11-ամեայ խաղացող Հընտ Զազա ստացաւ Թոքիոյ 2020-ի ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան պատիւը, Յորդանանի մէջ պարտութեան մատնելէ ետք Լիբանանի հաւաքականի մարզիկ, 43-ամեայ  Մարիանա Սահակեանը՝ 4-3 արդիւնքով:  Զազա դարձաւ ամէնէն փոքր մարզիկը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ողիմ-պիական մրցումներուն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱՏԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ԹԵՆԻՍԻ ՄԵՔՍԻՔԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆԸ
Սպանացի թենիս խաղացող Ռաֆայէլ Նատալ երրորդ անգամ ըլլալով յաջողեցաւ ձեռք ձգել Մեքսիքի թենիսի բաց մրցաշարքի ախոյեանութիւնը, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիտզին: Նատալի յաղթանակը եղաւ 6-3 եւ  6-2 արդիւնքներով: Աւելցնենք, որ սպանացի խաղացողը սոյն կոչումին տիրացած է նաեւ 2005 եւ 2013 թուականներուն: Կիներու մրցաշարքին, անգլիացի Հիտզ Ուաթսոն պարտութեան մատնեց քանատացի Լիլա Ֆէրնանտէզը 6-4 / 6-7 / 6-1 արդիւնքով:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԵՑ
Անգլիոյ ախոյեանութեան աղիւսակի առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը, չյաջողեցաւ շարունակել իր յաղթարշաւը եւ կրեց այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: Լիվըրփուլ  զիջեցաւ  16-րդ դիրքը գրաւող Ուաթֆորտին եւ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ: Լիվըրփուլ ետ մնաց 79, 22 կէտերու տարբերութեամբ, իրեն յաջորդեց Մանչեսթըր Սիթին:
ՆԷՅՄԱՐ ԿՐՆԱՅ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԹՈՔԻՈՅԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ
Պրազիլի հաւաքականի եւ ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերման խումբի յարձակողական խաղացող Նէյմար, կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել 2020-ի Թոքիոյի ողիմ- պիական խաղերուն: Ըստ Todomercado-ի, Պրազիլի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի բանակցի ֆրանսական ակումբի ղեկավարներուն հետ, առնելու նէյմարի մասնակցութեան անոնց հաւանութիւնը, իսկ եթէ ակումբը մերժէ, Նէյմար պիտի չմասնակցի ողիմպիականին: Նէյմար 2016-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռիօ տէ Ժիներոյի ողոմպիականին եւ դարձաւ ոսկի մետալակիր:
ՍԱՐԻՆ ՊԻՏԻ ՀԵՌԱՑՈՒԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Իտալիոյ ախոյեան Իւվենթուսի վարչակազմը մտահոգ է խումբի ընթացքէն: Ան լրջ օրէն սկսած է փնտռել կազմի գլխաւոր մարզիչին փոխարինողը: Ըստ La Repubblica-ի, Իւվենթուսի  ղեկավարութիւնը կը մտածէ հեռացնել Սարին, եթէ խումբը  դուրս մնայ Չեմպիընզ Լիկի մրցաշարքէն կամ պարտութիւն կրէ Իտալիոյ ախոյեանութեան 26-րդ փուլի մրցումին: Տարածուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ակումբի պատասխանատուները բանակցութիւններ սկսած են վարել Մասիմիլանօ Ալեկրիին հետ, որ հինգ անգամ Իւվէնթուսի հետ արժանացած է Իտալիոյ ախոյեանութեան:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան