Հայ արուեստի ու մշակոյթի պատմութեան մէջ միշտ առկայ եղած է կնոջ դերակատարութիւնը։ Ան իր փափկութեամբ ու գեղեցիկի հանդէպ իւրայատուկ իր նայուածքով հարստացուցած է ընդհանրապէս տղամարդոցմով խճողուած այս բնագաւառը եւ ներմուծած նորութիւններ։
Կանանց Միջազգային Օրը լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ գնահատելու կիներու դեկատարութիւնը կեանքի զանազան ասպարէզներուն մէջ։ Ահա այս առիթով յարմար նկատեցինք հանդիպում մը ունենալ հալէպահայ կին արուեստագէտներու հետ, միասնաբար քննարկելու կիներու դերակատարութիւնը արուեստի ու մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ։
Կինը հեռու չի կրնար ըլլալ արուեստի աշխարհէն, մանաւանդ որ առնչուած է միշտ գեղեցկութեան հետ եւ կոչուած «գեղեցիկ սեռ»։ Այս առումով տիկ. Սոնիա Գաբրիէլեան հաստատեց. «Կնոջ «գեղեցիկ» մակդիրը տրուած կ’ըլլայ ընդհանրապէս սեռային կիրքերէ մղուած, յատկապէս մեր միջավայրին մէջ։ Նոյնիսկ միջազգային արուեստի պատմութեան մէջ կը գտնենք որ կնոջ գեղեցկութիւնը կ’արտայայտուի միայն անոր օգտագործումով որպէս մոտէլ եւ մարմնային գեղեցկութիւն։ 20-րդ դարուն է, որ կինը իր ազատութիւնն ու իրաւունքները պահանջել սկսաւ, պահանջելով, որ իրեն նայուի ոչ միայն իբրեւ գեղեցիկ էակ, այլ նաեւ որպէս գիտակից ու ստեղծագործ մարդ, որ կրնայ արուեստի ու գիտութեան բնագաւառներուն մէջ մեծ իրագործումներ կատարել։ Կարելի է ըսել, որ իրագործումներուն շնորհիւ իգական սեռը փաստեց ինքզինք երբեմն նոյնիսկ տղամարդը գերազանցելով»։
Այնքան ատեն, որ սեռերը իրարմէ տարբեր են, ինքնաբերաբար կարելի է ենթադրել, որ իւրաքանչիւրին արուեստն ալ ունի իր իւրայատկութիւնները։ Սակայն գրագէտ տիկ. Մարուշ Երամեան այս կարծիքին համամիտ չէ, ան ըսաւ. «Շատեր կ’ըսեն, թէ գրականութիւնը պէտք չէ սեռ ունենայ՝ կին գրող եւ գրող (կը տեսնէ՞ք տարբերութիւնը՝ կին գրողը կին գրող է, իսկ այրը՝ միայն գրող), բայց ես կը կարծեմ, որ կին գրողը պէտք է հպարտ ըլլայ այն բոլորով, որոնք կը ցոլա-ցնեն իր անհատականութիւնը, որուն գլխաւոր բաղադրիչը կին ըլլալն է: Եւ անշո՛ւշտ որ իր գրականութիւնը կը տարբերի միջավայրով, աշխարհայեացքով եւ բառամթերքով. օրինակը յստակ կարելի է տեսնել Զ. Եսայեանի էջերուն մէջ»։
Ակնբախ ճշմարտութիւն է նաեւ, որ արուեստի մէջ առաւելաբար կը հանդիպինք արական սեռի անուններուն քան՝ իգական։ Այսպիսի կացութեան մէջ արդեօ՞ք դժուար է կին արուեստագէտին իր տեղը գրաւել։ Այս մասին մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան դիտել տուաւ. «Արուեստագէտներուն ու երաժիշտներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը կազմեն տղամարդիկ, բայց իգական սեռն ալ իր կարեւոր դիրքը կը զբաղեցնէ։ Յաջողութեան համար կարեւոր է տաղանդ ունենալ թէ՛ կնոջ, եւ թէ տղամարդուն պարագային։ Բայց միայն այդ ալ բաւարար չէ։ Տաղանդին կողքին պէտք է ըլլայ համապատասխան միջավայր, մթնոլորտ, աշխատանքային ճիշդ ուղեգիծ, որպէսզի կարելի ըլլայ տաղանդը ամբողջութեամբ բացայայտել։ Չմոռնանք, որ կինը իր բնոյթով աւելի ուժեղ է, անոր տրուած է ծննդաբերելու, այսինքն՝ արարելու, ստեղծելու, նոր մարդ աշխարհ բերելու առանձնայատկութիւնը։ Ահա այդ է Աստուծոյ տուած մեծագոյն տաղանդը կիներուն»։
Արուեստագէտին ընդհանրապէս եւ կին արուեստագէտին յատկապէս, ճամբան կարելի չէ որակել որպէս հեզասահ ու կանաչապատ ուղի, այս դժուարութիւններուն անդրադառնալով տիկ. Մարուշ կը հաստատէ. «Կը յիշեմ Վահէ Օշականին մէկ խօսքը՝ «կարծես մարդ ըլլալը չէր բաւեր, հիմա պէտք է նաեւ կրել հայ մարդ ըլլալու ծանրութիւնը»: Կին գրողին համար եռակի է ծանրութիւնը՝ Հայ Կին Գրող ըլլալ:
Ընդհանրապէս հայ գրողէն սպասուածը ազգայինն է ու եթէ գրողը, մանաւանդ կին գրողը դուրս եկաւ այդ գծուած սահմաններէն, լաւագոյն պարագային լռութեամբ կը շրջապատուի:
Գալով Սփիւռքահայ կին գրողին, ան նաեւ առանձնութեան զգացումէն կը տառապի, որովհետեւ չունի «կողմ» մը, որ իրեն նեցուկ ըլլայ. ամէն երկրի մէջ կան գրողներու միութիւններ, որոնք որքան ալ բան չընեն, գոնէ պատկանելիութեան զգացում կու տան գրողին:
Օրինակ մը տալու համար ըսեմ՝ քանի մը տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող բանաստեղծական պիէնալէի մը պէտք էր հրաւիրուէի. հետեւեալ երկխօսութիւնը տեղի ունեցաւ.
-Ինչերէ՞ն կը գրէք։
-Հայերէն։
-Ուրկէ՞ կու գաք։
-Սուրիայէն։
-Ո՛չ. հայերէն գրողները պէտք է Հայաստանէն գան, իսկ Սուրիայէն եկողները պէտք է արաբերէն գրեն:
Ասիկա ո՞ւր կը դնէ մեզ՝ սփիւռքահայ գրողներս ու մանաւանդ՝ արեւմտահայերէնը:
Անշուշտ ասիկա միայն կին գրողի հարց չէ. Բայց … հարց է՝ պատկանելիութեան եւ նեցուկ չունենալու»։
Տիկ. Սոնիա շեշտեց դաստիարակութեան ու միջավայրին ազդեցութիւնները արուեստի աշխարհին մէջ սեռերու տարբերութեան գծով. «Թերեւս տուներէն ներս մենք ստանանք հաւասար, առանց խտրականութեան դաստիարակութիւն, սակայն յաճախ երբ դուրսի աշխարհին հետ շփում կ’ունենանք, ան կը պարտադրէ որոշ իրավիճակներ։ Հասարակութիւնը յաճախ կը գերադասէ տղամարդը։ Տիրող մտայնութեան համաձայն կինը պէտք է հետեւի այր մարդուն, հետեւաբար աւելի ընդունելի է, որ կինը ըլլայ արուեստագէտին ներշնչողը կամ աշակերտը՝ լաւագոյն պարագային, բայց ինք բնաւ չի որակուիր որպէս «Մեծ Արուեստագէտ»»։
Նոյն առումով Տիկ. Գայիանէ շեշտեց կեանքի ընկերոջ դերակատարութիւնը կին արուեստագէտի զարգացման ընթացքին մէջ. «Միշտ չէ, որ մարդ բախտաւոր կ’ըլլայ։ Ես առիթը ունեցայ իմ ստացած գիտելիքներս եւ ինծի վերուստ շնորհուած տաղանդը գործի մէջ ներդնելու, աշխատելու բազմաթիւ անհատներու ու խումբերու հետ, շնորհիւ զիս շրջապատող լաւ մարդոց, որոնք վստահեցան, հաւատացին ու քաջալերեցին զիս, կրցայ լաւագոյնս տալ իբր երաժիշտ։ Մեծ դժուարութիւն է, սակայն, ըլլալ տանտիկին եւ տունէն դուրս զբաղիլ բազում աշխատանքներով. եթէ արուեստագէտին, կողակիցը գիտակից վերաբերմունք չցուցաբերէ, ան պիտի չկարենայ իր գեղարուեստական ուղիէն ճիշդ ձեւով ընթանալ։ Ես անձամբ շնորհակալ եմ ամուսինիս, որ հանդուրժողութեամբ կը մօտենայ իմ կենցաղային բացթողումներուն եւ մշտապէս աշխատանքս քաջալերող է»։
Մեր զրուցակիցներէն տիկ. Սոնիա վերջին շրջանին դադրեցուցած է գեղարուեստական աշխատանքը։ Այս մասին ան տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Պատերազմի շրջանին ես Հալէպ կը գտնուէի եւ այնքան դժուար պարագաներ կային, որ չէի ուզեր նկարագրել, որովհետեւ բնաւորութեամբ միշտ դրական անձ մը եղած եմ եւ միշտ ուզած եմ շրջապատս ոգեշնչել դրական գաղափարներով։ Կ’ուզէի յոյս տածել, թէ այս վիճակը պիտի չշարունակուի եւ ոչ միայն պիտի յաղթենք, այլ նաեւ նախորդէն աւելի լաւ տեղեր պիտի հասնինք։ Հետեւաբար պատերազմի տարիներուն մղուեցայ բարեսիրական աշխատանքի, մէկ կողմ ձգելով արուեստը։ Այս աշխատանքներուն շնորհիւ կրցայ յոյս ներշնչել եւ պատերազմի տառապանքները գէթ մասամբ մեղմացնել։ Ինծի համար թշուառ արուեստ գոյութիւն չունի, պատերազմի խաւարին մէջ փորձեցի լոյսի նշոյլ մը գտնել եւ այդ մէկը գտայ մարդասիրական գործունէութեան մէջ»։
Պատերազմէն անդին, ի՞նչ առաքելութիւն ունի 21-րդ դարու կին արուեստագէտը։ Այս հարցադրումը կ’ընէ նաեւ տիկ. Մարուշ. «Առաքելութի՞ւն. այս ժամանակաշրջանին գրականութիւնը ընդհանրապէս առաքելութիւն ունի՞. չեմ կարծեր, պարզ այն պատճառով, որ ընթերցողներու տոկոսը շատ ցած է. ի՞նչ առաքելութիւն առանց ընթերցողի:
Բայց կը հաւատամ որ կին գրողը ի՛նք կը դնէ իր առաքելութիւնը եւ կը քալէ այդ դժուար ճամբուն մէջ, հաւատալով որ օր մը բան մը կրնայ փոխուիլ իրմով, իրմէ ետք:
Իսկ գլխաւոր հաւատամքս, որուն մէջ առաքելութիւնն ալ կը մտնէ, լեզուական է:
Հայերէնը այնքան հաճելի է, բարդ եւ բազմամակարդակ, որ կրնամ էջեր գրել անոր մասին»։
Յուշիկ Ղազարեան