Խորհրդային կարգերը  յարաբերաբար դիւրին ընկալեցին  Դանիէլ Վարուժանը՝ բաղդատած կարգ մը ուրիշ նախախորհրդային հեղինակներու: Անոր գործերէն  ընտրանիներ ու ծաղկաքաղեր լոյս տեսան մինչեւ 1950 թուականը, իսկ յիսունականներուն արդէն ան արժանացաւ շատ աւելի ծաւալուն հրատարակութիւններու, եւ անկէ ետք Վարուժան միշտ ալ սիրուած ու փնտռուած մնաց՝ արժանանալով  համազգային գուրգուրանքի:
Ասոնք իրենց առաւելագոյնին հասան 1980-ականներուն երեք  տարբեր առիթներով եւ շլացուցիչ տպաքանակներով.
ա. Երեւանեան ծաւալուն եւ շատ կոկիկ  հրատարակութիւն մը, 1984,  575 էջ,  Վազգէն Մնացականեանի աշխատասիրութեամբ. 30.000 օրինակ: Ան կ’ընդգրկէ  Վարուժանի գրեթէ ամբողջ չափածոյ վաստակը, ինչպէս նաեւ կարգ մը արձակ էջեր ու  նամակներ:
բ. Նո՛յն տարին Անթիլիասէն՝ Գէորգ Մելիտինեցի մատենաշարէն լոյս տեսաւ անոր չափածոյ երկերուն ամբողջութիւնը՝ խմբագրութեամբ Պօղոս Սնապեանի. 1.000 օրինակ:
գ. Իսկ 1986-ին Գիտութեան ակադեմիան լոյս ընծայեց Վարուժանի գործերուն համապարփակ հրատարակութիւնը՝ չափածոյ, արձակ եւ նամականի, երեք ծաւալուն հատորներով.  50.000 օրինակ:
Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ եզակի երեւոյթ է  այս յաճախականութիւնը, որ պատիւ կը բերէ ե՛ւ հրատարակիչներուն, ե՛ւ ընթերցող ժողովուրդին:
Կ’անցնիմ, քանի գրականութեան պատմութիւն  չէ ըրածս:
 * * *
1.Վարուժան Աւ. Ահարարոնեանին ձօնած է երկու քերթուածներ՝ «Հովիւը»  եւ  «Պատգամաւորներս». այս երկրորդին   տողերէն մէկը  խորհրդահայ հրատարակութիւններու մէջ շատ վաղուց տուած է՝
«Ըսէ՛, իմ կռունկ,
«Դէպի հորիզոն նետի պէս լսլսաքած վիզդ բոցեղէն՝
«Այսպէս ո՞ւր կ’երթաս»…
Այս հրէշածին հնչիւնախումբը՝ լսլսաքած, այնուհետեւ անցաւ նորագոյն բոլոր հրատարակութիւններու մէջ: Բայց ասով չվերջացաւ գայթակղութիւնը. ան մտաւ  լոյս տեսնող կարեւորագոյն  բառարաններուն մէջ՝ Սուքիասեանի (հոմանիշներու, 1967), Ակադեմիայի (բացատրական, 1969), Աղայեանի (բացատրական, 1976):
Զայն կը գտնենք Մնացականեանի հրատարակութեան  մէջ եւս, 1984:
Բայց ահա ողբերգականօրէն ան կը գտնուի,- որքան ալ անհաւատալի թուի,-  Սնապեանի խմբագրած հատորին մէջ նմանապէս, 1984,  եւ ճի՛շդ այսպէս՝ լսլսաքած
Ակադեմիայի հրատարակութեան մէջ  1986-ին նո՛յնն է պարագան:
Ծանօթ.- Քիչ մը հեգնական է, բայց նաեւ իրողութիւն. Սուքիասեանի  «Հոմանիշներու Բառարան»ի բ. հրատարակութեան մէջ՝ 2009-ին, կը շարունակենք կարդալ…լսլսաքել:
Մինչդեռ  Վարուժան գրած է՝
«Ըսէ՛, իմ կռունկ,
«Դէպի հորիզոն նետի պէս սլաքած վիզդ բոցեղէն՝
«Այսպէս  ո՞ւր կ’երթաս»…
Որ կը նշանակէ սլաքի մը պէս պրկած, ուղղած  վիզդ, ճիշդ ինչպէս կ’ընեն գաղթող թռչունները՝ դէպի առաջ երկարելով իրենց գլուխները եւ ուղղելով իրենց վիզերը, քանի որ  այդպէս աւելի հեշտ կը ճեղքեն օդի ալիքները:
Համեմատութիւնները պահած  պիտի ըսենք՝  տեղի ունեցածը համազօր է Իններորդ համանուագի յաղթերգը  զռինչով մը փոխարինելուն, որուն ոչ ոք անդրադարձած է:
Օ tempora, o mores !
2. Ինչպէս ըսի, Վարուժան երկու բանաստեղծութիւն ձօնած է Աւ. Ահարոնեանին. հայաստանեան հրատարակութիւնները հետեւողականօրէն ջնջած են անոր  անունը մինչեւ 1986-ի՝ Ակադեմիայի հրատարակութիւնը: Այս վերջինը վերականգնած է երկուքն ալ:
3. Վարուժանի «Բանուորուհին»ի  բնագիրին մէջ կը գտնենք հետեւեալը.
«Կամ ետեւէդ շուայտօրէն կը սուլէ
«Թուրք սրիկայ մ’անոպայ»
որուն երկրորդ տողը, արեւելահայ բոլոր հրատարակութեանց մէջ,  մինչեւ  Ակադեմիայի հրատարակութիւնը տրուած է սա՛պէս՝
«Սրիկայ մը անոպայ»…
Այլ խօսքով՝  թուրք անունը ջնջուած է…յանուն ժողովուրդներու եղբայրութեան: Անշուշտ  հայ հրատարակիչին կամքով չէր այդ, այլ պարտադրուած էր: Ուրեմն Ակադեմիայի հրատարակութիւնը անգամ մը եւս վերականգնեց բնագիրը: Յուսանք հետագայ հրատարակիչները  կ’անդրադառնան  այս իրողութեան եւ չեն շարունակեր հին աւանդութեամբ:
4. Ասկէ 50 տարի առաջ Պօղոս Սնապեան կը հրատարակէր գրախօսական մը, որ նուիրուած էր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի բացատրական  ծաւալուն բառարանին,  920 երկսիւնակ էջ, որ լոյս տեսաւ 1968-ին: Հեղինակը այն ատեն շատ երիտասարդ էր, եւ նման գործ մը պատիւ կը բերէր իրեն:
Իր  յօդուածին մէջ Սնապեան մատնանիշ կ’ընէր 19 բառեր, որոնք հաւաքուած էին Վարուժանի եւ Մեծարենցի  գործերէն եւ որոնք չէին գտնուեր յիշեալ բառարանին մէջ: Եւ այլայլած հարց կու տայ, թէ «ինչպէ՛ս կարելի է ըմբռնել բառարան մը, որով կարելի պիտի չըլլայ  մեկնաբանել  Վարուժանի եւ Մեծարենցի  բոլոր գրութիւնները»: 
Ես այս յօդուածին անդրադարձած եմ ասկէ առաջ եւ ցոյց տուած եմ, որ այդ 19 բառերուն 7-ն  գո՛յ են բառարանին մէջ, եւ զանազան պատճառներով Սնապեան ի՛նք չէ կրցած ճանչնալ զանոնք: Օրինակ՝ Սնապեան փընտռած է «նատիր»  ուղղագրութեամբ բառ մը ու…չէ գտած, որովհետեւ բառս հայերէնի մէջ «նադիր» է, իսկ այս վերջինը իր ճիշդ տեղը կը գտնուի Տէր Խաչատուրեանի քով:
Անցնինք:
Անգոյ բառերէն Սնապեան թուած  է նիմփարան-ը, որ հայ բառարանագրութեան ամբողջ պատմութեան մէջ կը գտնուի մի՛այն Աղայեանի երկհատորին մէջ: Սնապեան ինք այս բառը հետագային   «բացատրած է» Մեծարենցի երկերու խմբագրման առթիւ, որ կատարեց ԳՄԳՄ-ի ծիրէն ներս (1986-ին): Ահա՛ իր «բացատրութիւնը».
«Նիմփարան – արձանազարդ, աղբիւրներով ու աւազաններով զարդարուած վայր»:
Եթէ, հիմնուելով այս «սահմանումին» վրայ, ի մի հաւաքենք Միքէլ Անջելոյի քանդակները, առանց մոռնալու  Ռոդենի գործերը, վրան աւելցնելով Թորոսի, Մարկոսի, Կիրակոսի, այլեւ   Մարտիրոսի արձանները, թէկուզ վրան  գումարած  ձերիններն ու ձեր խոնարհ ծառայինն ալ, այո, մենք կ’ունենանք «արձանազարդ…վայր մը», թերեւս մինչեւ իսկ ակնահաճոյ շլացուցիչ   թանգարան մը, սակայն նիմփարան…չե՛նք ունենանր:
Նիմփարան չի կոչուիր այդ ստացուածը:
Նիմփարան-ին արմատը նիմփ «nymphe»  է, որ կը նշանակէ «յաւերժահարս, ջրանուշ, գետերու եւ այլ ջրային տարածքներու մէջ ապրող ոգի, որ կը ներկայանայ մատղաշ, դեռատի  կոյսի կերպարանքով»: Փոխաբերաբար կրնայ  նշանակել նաեւ շնորհալի դեռատի աղջիկ, կոյս: Օրինակ՝ Համլետ իր մենախօսութեան վերջին տողին մէջ  14-ամեայ  Օֆելիան՝ իր նշանածը, նկատի ունենալով կ’ըսէ.
«Nymph, in thy orisons be all my sins remembered»!
(Նի՛մփ, աղօթքներուդ մէջ թող բոլոր մեղքերս յիշուին):
Ուր nymph-ը կրնանք յաւերժահարս թարգմանել, բայց նաեւ՝ կոյս, աղջնակ եւ այլն:
Ըստ այսմ դժուար չէ այլեւս հետեւցնել, որ նիմփարան-ը այն միջավայրն է,- ընդհանրապէս ցայտաղբիւրներ, զանազան աւազաններ, ծառուղիներ, հանրային ճեմավայրեր, դղեակներու պուրակներ,- որոնք զարդարուած են նիմփերու,- եւ ոչ որեւէ այլ,-  արձաններով, որոնք շատ տարածուած են  եւրոպական ոստաններու մէջ:
Եւ այսպէս…
Արմենակ Եղիայեան