Պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոցներ որդեգրելու համար, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի ներկայացուցչական կազմը, խորհրդակցելէ ետք Հալէպի Առողջապահութեան Տնօրէնութեան հետ, յառաջացուց բժիշկներէ, դեղագործներէ եւ բժշկական տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած Առողջապահական Յանձնախումբ մը։

Յանձնախումբը իր խորհրդակցական առաջին նիստը գումարեց Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2020-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի։

Յետ խորհրդակցութեան եւ յառաջիկայ զարգացումներէն կանխազգուշացման նախապատրաստութեան, որոշուեցաւ որ ՍՕԽ-ի Առողջապահական կեդրոնը ի սպաս դնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայութեան։

Առ այդ կը տեղեկացնենք, որ

1.- Կեդրոնը բաց պիտի մնայ առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00:

2.- Կեդրոնը պիտի ընդունի առողջապահական անմիջական եւ անյետաձգելի պարագաներ` տուեալ ժամանակամիջոցին:

3.- Խուսափելու համար անտեղի շրջագայութենէ եւ վարակումի առիթ տուող խճողումներէ, ընթացիկ առողջապահական հարցեր ունեցող պարագաները կրնան հեռաձայնային կապով խորհրդատուութիւն ստանալ կամ ժամադրութիւն ապահովել` հեռաձայնելով Առողջապահական կեդրոնի հետեւեալ թիւին. 4644 947

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնենք նաեւ, որ Հալէպի Առողջապահութեան Տնօրէնութիւնը հետեւեալ թիւերը տրամադրած է 24 ժամուան ծառայութեան եւ խորհրդատուութեան համար։ Շատ կարեւոր պարագաներու կարելի է հեռաձայնել նաեւ ստորեւ յիշուած թիւերուն.

0944 361 336
0933 319 465
0944 424 443
0933 448 515

Առողջապահական Յանձնախումբ
Հալէպ, 24 Մարտ 2020