ՄԱԿ-ի անդամ ութը երկիրներու մնայուն ներկայացուցիչներ, ներառեալ Սուրիոյ ներկայացուցիչ դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի, պահանջեցին վերացնել իրենց երկիրներուն պարտադրուած պատժական տնօրինումները՝ դէմ դնելու պսակաձեւ ժահրի համաճարակին:
Անոնք միացեալ նամակ մը ուղղեցին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կոթերէսին՝ վերջ տալու այս ապօրինի պատիժներուն եւ համահաւասար չափանիշներով ու գործակցութեամբ շարունակելու պսակաձեւ ժահրի տարածման դէմ համաշխարհային պայքարը: