ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ այսօր գիշեր ժամը 21,15-ին, 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ, Լաթաքիայէն 65 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, միջերկրականի 20 քլմ. խորութեան երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ, որ ցնցեց Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանը։

Երկրաշարժը զգալի դարձաւ Սուրիոյ Լաթաքիա, Թարթուս, Համա, Հոմս եւ Հալէպ նահանգներուն մէջ։