Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը եւ իրեն ընկերակցողները Երկուշաբթի, 6 Ապրիլի միջօրէին, Նոր Գիւղի ազգային կառոյցներ այցելութեան շրջագիծին մէջ, այցելեցին «Տիգրանեան» կեդրոն եւ ծանօթացան ակումբի տղոց տարած ծառայողական աշխատանքին։
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն վկայութիւններէն արդէն իսկ տեղեկացած է, թէ պատերազմի տարիներուն ակումբի տղաքը ինչպիսի՛ նուիրումով, կամաւորաբար ծառայած են ժողովուրդին ու պաշտպանած մեր կեդրոններն ու թաղերը։ «Այսօր, ակումբի տղոց կողմէ նոյն թափով կը շարունակուի ծառայողական աշխատանքը, այս անգամ պսակաձեւ ժահրի տարածման նախազգուշացման ծիրէն ներս, շտապ օգնութեան տարբեր ձեւերու որդեգրումով, օրական 24 ժամ արթուն հսկելով եւ օգնութեան փութալով մեր ժողովուրդին, նոյնիսկ տարբեր կեդրոններու հականեխման պատասխանատու աշխատանքը ստանձնելով», ըսաւ սրբազան հայրը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ու օրհնութիւնը տալով ներկաներուն։

Ապա սրբազան հայրը կարեւոր համարեց Սուրիոյ կառավարութեան նախազգուշական կոչերուն անսալը, մինչեւ որ կարելի դառնայ այս ժահրին յաղթահարումը եւ մենք վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին։

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէյճեան յայտնեց, որ տղաքը կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ յայտնուած ըլլայ գաղութը։ Անոնք հսկողութեան կողքին շտապ օգնութեան կը հասնին, տարեց մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն տուն կը հասցնեն իրենց անհրաժեշտ կարիքները եւ 24 ժամ ներկայ են Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տուն եւ «Տիգրանեան» կեդրոն, պատասխանելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հեռաձայններուն։