«Վէմ» համահայկական հանդէսին 2020 թուականին առաջին թիւը` 324 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ ելեքտրոնային տարբերակով ընթերցողին կը ներկայացուի:

«Վէմ» համահայկական հանդէսը իր 2020 թուականի առաջին թիւի Խմբագրականին միջոցով սկսած է մասնագիտական քննարկումներ մեր ազգային պահանջատիրութեան հիմքը կազմող Սեւրի պայմանագիրին եւ ԱՄՆ նախագահ Վ. Վիլսընի Իրաւարար վճիռի քաղաքական ապագային շուրջ: Այս կարեւորագոյն ազգային-քաղաքական իրադարձութիւններուն 100-ամեայ յոբելեաններուն առիթով նախաձեռնուող գիտական ուսումնասիրութիւնը հանդէսի 2-րդ թիւով պիտի շարունակուի ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի ակադեմիկոս Ռուբեն Ա. Սաֆրաստեան: Նոյն թեմայով «Վէմ» հանդէսի կողմէն նախատեսուած է նաեւ յատուկ գիտաժողովի կազմակերպում:

Ներկայ թիւին մէջ հրապարակուած փրոֆէսոր Սեյրան Ա. Զաքարեանին ծաւալուն ուսումնասիրութեան միջոցով «Վէմ» հանդէսը իր յարգանքի տուրքը մատուցած է 20-րդ դարու հայ ազգային-քաղաքական միտքի յենասիւներէն մէկուն` Միքայէլ Վարանդեանի յիշատակին, որուն ծննդեան 150-ամեակը  2020 թուականին կը լրանայ:

Հիմնարար գիտական ու միաժամանակ գիտագործնական նշանակութիւն ունի փրոֆէսոր Ալեքսանդր Ս. Մանասեանի «Տնտեսական մարդու եւ քաղաքական մարդու հակամարտութիւնը» ուսումնասիրութիւնը: Որպէս մեր դարաշրջանի հիմնական հակասութիւն դիտուող այս երեւոյթի յաղթահարման համար հեղինակի ներկայացուցած որոշակի առաջարկութիւնները արդէն հանրային քննարկումի առարկայ են եւ կրնան նաեւ օրէնքի նախագիծեր դառնալ:

Իր երկարամեայ գիտական պրպտումներուն եւ  շարք մը ուսումնասիրողներու կողմէ մոսկովեան արխիւներուն մէջ յայտնաբերուած գաղտնի փաստաթուղթերու հիման վրայ փրոֆէսոր Արարատ Մ. Յակոբեան կրցած է վերջնականապէս պարզաբանել միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարումով Մարտ 1921-ին Խորհրդային Ռուսիոյ ու քեմալական Թուրքիոյ կողմէն ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագիրի ժամկէտներու հարցը, որ  նեղ պատմագիտական հարց չէ: Այս փաստաթուղթով իբրեւ պայմանագիր կնքման օր նշուած «16 Մարտ»ը կանխամտածուած կեղծիք է, քաղաքական աճպարարութիւն, որուն միջոցով պոլշեւիկները խաբած են նոյն օրը Լոնտոնի մէջ իրենց հետ առեւտրական պայմանագիր ստորագրած եւ Խորհրդային Ռուսիոյ  ճանչցած անգլիացիներուն, որոնք անոնց դիմաց անոնցմէ պահանջած էին Կարսն ու Արտահանը իրենց ուզած գինով վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանին: Մոսկուայի պայմանագիրը ստորագրուած է 2 օր անց` 18 Մարտին: Մինչ այդ Լոնտոնի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Լ. Քրասինին յանձնարարուած էր յարկ եղած պարագային անգլիացիներուն յայտնել, թէ  իրենք տեղեակ չէին, որ 16 Մարտին Լոնտոնի մէջ պիտի կնքուի նաեւ անգլոռուսական համաձայնագիրը: Հետաքրքրական է, թէ 2021 թուականին` այս պայմանագիրի 100-ամեակի տարին, ինչպէս պիտի գնահատեն նման իրողութիւնը ժամանակին խաբուած անգլիացիներու ու պոլշեւիկ-աճպարարներու ներկայ ժառանգորդները:

«Վնէմ» համահայկական հանդէսի 2020 թուականի առաջինթիւին մէջ տեղ  գտած են նաեւ այլ ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ: Կը ներկայացենք հանդէսին բովանդակութիւնն ու Խմբագրականը: Իսկ առանձին յօդուածներու ելեքտրոնային տարբերակները յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուին հանդէսի կայքէջին` vemjournal.org