Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական հողեր բռնագրաւած թրքական ուժերը կը շարունակեն միջազգային օրէնքի խախտումները եւ սուրիական հողերու վրայ յարձակումը՝ ստեղծելով զինուորական նոր ռազմական միաւորներ եւ ամրապնդելով իրենց դիրքերը Հասիչէի գիւղական շրջանին մէջ: Անոնք միեւնոյն ատեն կը կողոպտեն Ռաքքայի հիւսիսային գիւղին մէջ ամբարուած ցորենի պահեստանոցները:
Քաղաքացիական աղբիւրներ յայտնած են, որ թրքական ուժերը զինեալ ուժեղ կէտ մը ունէին արդէն բռնագրաւուած Ռաս ուլ Այն քաղաքի հարաւային շրջանին մէջ, ներկայիս այդ կէտը առաւել եւս կը զօրացնեն արդիական հրետանիով, իսկ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ գործակցելով անոնք կ’ամրապնդեն Հասիչէ նահանգի հիւսիսային շրջանին մէջ իրենց գրաւած դիրքերը, յատկապէս Թալ Թամր եւ Ապու Ռասին քաղաքներուն միջեւ ինկած տարածութեան վրայ:
 Նշեալ աղբիւրները աւելցնելով ըսին, որ թրքական ուժերը գրաւած են գրաւեալ Ռաս ուլ Այնի դարպասէն արեւելքը գտնուող մօտաւորապէս 15 տոնում հողատարածք, զոր պիտի օգտագործեն որպէս առեւտրային փակ մաքսանենգութեան շրջան՝ թրքական ապրանքներուն ապօրինի վաճառքին համար:
Աղբիւրներուն համաձայն, թրքական ուժերը Ռաքքայէն գողցուած ցորենը կը փոխադրեն իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող հիւսիսային ծայրամասի Թէլ Ապիատ բռնագրաւուած քաղաքը: