Սա պահուն հարցում մը կը չարչարէ իմ միտքը.- առաջին անգամ ե՞րբ էր՝ որ հանդիպեր էի Բենիամին Նուրիկեանի անունին։ Բան մը կարդացե՞ր էի իրմէ դպրոցական իմ տարիներուն։
Ինծի կը թուի թէ իբրեւ խարբերդցի գիւղագիր՝ Համաստե՛ղն էր միայն, որ աւանդուեր էր մեզի, մէկէ աւելի կարգերու մէջ։ Անոր «Չալօն», «Միջօն» ու «Երնէ՜կ Այն Օրերուն»ը կարդացեր էինք դասարանին մէջ, մեր դասագիրքերէն, ուսուցիչներուն կողմէ տրուած մեկնաբանութիւններով հանդերձ։
Իսկ Նուրիկեա՞նը…։
Կրնամ հաստատապէս յիշել, որ միջնակարգի Ը. կարգի հայերէնի մեր դասագիրքին մէջ կա՛ր Բ. Նուրիկեանը՝ իր կենսագրութեամբ, դիմանկարով եւ իր գործէն ընտրեալ նմոյշով մը։ Սակայն Հայաստան տպուած մեր այդ դասագիրքը («Հայ Գրականութիւն», 1969, յատուկ՝ սփիւռքի դպրոցներուն համար, արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ) շա՜տ ծաւալուն էր՝ հայերէնի մեր սահմանափակ դասապահերուն համար։ Հոն տեղ գտած էին ՅԻՍՈՒՆ հեղինակներ։ Մինչդեռ, կրթական լման տարեշրջանի մը ընթացքին՝ մենք հազիւ կրնայինք ծանօթանալ 10-12 հեղինակի։ Ուստի, մեր ուսուցչուհին ստիպողաբար ընտրութիւններ կը կատարէր դասագիրքէն՝ ըստ իր հայեցողութեան, ակամայ դուրս թողլով բազմաթիւ գրողներ։ Նուրիկեա՛նն ալ մէկն էր այդ անբախտներէն…։
Սակայն ես, որ բնաւ չէի ուզեր սահմանափակուիլ ուսուցչուհիին աւանդածներով, շարունակ կը պրպտէի նարնջագոյն խաւաքարտէ կողքով մեր այդ դասագիրքին բոլո՜ր էջերը։ Կանգ կ’առնէի ծանօթ-անծանօթ հեղինակներուն դիմանկարներուն առջեւ, կը ստուգէի անոնց ծննդեան ու մահուան թուականները, հոսկէ-հոնկէ ընթերցումներ կը կատարէի։
Իմ այդ թերթատումներուն ընթացքին է որ, օր մը, աչք-աչքի եկայ Բենիամին Նուրիկեանին հետ։ Նուրբ դիմագիծերով անձ մը։ Զարմանքով ու քիչ մըն ալ ապշահար՝ կարդացի անոր կենսագրութեան կից զետեղուած կարճ պատմուածքը, որ կը կրէր շատ տարօրինակ վերնագիր մը՝ «Կովին Գլուխը»…։
Տարիներ յետոյ, պիտի անդրադառնայի որ Յ. Օշական եւս, Երուսաղէմ տպուած իր «Հայ Գրականութիւն» հաստափոր դասագրքին մէջ հիւրընկալեր էր Նուրիկեանը՝ նոյն այդ «Կովին Գլուխը» պատմուածքով։
Միայն թէ հարց մը կար, որ առաջին րոպէէն գրաւեր էր իմ ուշադրութիւնը.- ինչո՞ւ Նուրիկեան նախընտրեր էր գործածել «կովին» հոլովաձեւը՝ փոխան «կովուն»ի։ Չէ՞ որ դպրոցի գրասեղաններուն վրայ կանուխէն սորվեցուցեր էին մեզի, թէ «կով» գոյականին սեռական-տրական հոլովը կը կազմուի «կովուն» ձեւով։ Ուրե՞մն։ Արդեօ՞ք բարբառային խօսելաձեւ էր ատիկա։
* * *
Տարիներ անց, հիմա, գրադարանէս վար կ’առնեմ ահա նարնջագոյն կողքով դպրոցական մեր այդ երբեմնի դասագիրքը։ Հին օրերուն պէս՝ կը դարձնեմ էջերը, կարօտով կը նայիմ գրողներու լուսանկարներուն։ Հո՛ն է Բենիամին Նուրիկեանը, հո՛ն է նաեւ… «Կովին Գլուխը»։
Դասագիրքս, շեշտելէ ետք՝ թէ Նուրիկեան կը նկատուի կարճ պատմուածքի ու նորավէպի վարպետներէն մէկը, կը շարունակէ սա՛պէս.«Ան կը գրէ սեղմ, խտացած ոճով, չի ճապաղիր, խորթ են իրեն երկարաբանութիւնն ու ճոռոմ լեզուն։ Կրելով ամերիկեան նորավէպի մեծագոյն վարպետ Օ. Հենրիի բարերար ազդեցութիւնը, ան հայ գրականութեան տուած է գեղեցիկ նորավէպերու շարք մը, որ պատիւ կը բերէ իրեն։ Նուրիկեան խորապէս կը ճանչնայ խարբերդցի շինականը, ծանօթ է անոր մտայնութեան ու հոգեբանութեան, անոր նիստ ու կացին, ստեղծած զրոյցներուն եւ աւանդութեանց, ու այդ հանգամանքը մեծապէս նպաստած է որ ան հայ գրականութեան տայ հիանալի պատմուածքներ ու նորավէպեր, որոնցմէ շատերը չենք կրնար առանց արցունքի եւ ափսոսանքի կարդալ»։
Արժեւորումը գերազանց է։ «Արժան եւ իրաւ»։
Միջանկեալ դիտել տամ, թէ «նորավէպ» բառը, որ արեւմտահայ իրապաշտներու շրջանին (1880-1900) կը գործածուէր առատօրէն, ուրիշ բան չի նշանակեր՝ եթէ ոչ խտացեալ պատմուածք մը, ուր գործողութիւնը կը թաւալի ու կը զարգանայ շատ արագ թափով, նիւթին բոլոր թելերը կեդրոնացնելով մէ՛կ կէտի վրայ։
* * *
Եթէ ի մի բերենք Բենիամին Նուրիկեանի գրական ամբողջ վաստակը՝ իր երեք հատորներով, հոն պիտի նկատենք երկճիւղ ուղղութիւն մը։
Առաջին ուղղութիւնը գիւղագրութիւնն է, իրեն տարեկից գրչեղբօր՝ Համաստեղի հետեւողութեամբ։
 Կարդացէ՛ք Նուրիկեանի «Այգեկութք»ը, որպէսզի ձեր դիմաց բացուի կանաչ-կապոյտ հորիզոնը Ծոփաց Աշխարհին՝ գիւղական իր տոհմիկ բարքերով, կրօնական աւանդապաշտութեամբ, վարուցանով, այգեկութքով, թոնիրով, քահանայէն մինչե՜ւ մուրացիկ՝ շինական բարի տիպարներով, եւ այս վերջիններն ալ՝ իրենց մանր կամ մեծ հոգերով, բարբառով եւ մասամբք նորին։ Մէկ խօսքով՝ ձեր դիմաց ուրուագծուի արեւմտահայ կորսուած գիւղը՝ իր անաղարտ նախնականութեամբ եւ գունագեղ բնութեամբ։ Կարդացէ՛ք, որպէսզի իւրաքանչիւր տողի վրայ զգաք գաւառի հողին ու արեւին բուրմունքը։ Հեղինակը գրականութեան բերած է վերջի՜ն փշուրները ժողովուրդի մը խաղաղ կեանքին, որ դիւային ծրագրով մը դատապարտուեցաւ անէացումի 1915-ին։ Տեսակ մը «յետադարձ գրականութիւն»։
Նուրիկեան, եւ իրեն նման՝ Համաստեղ, Վահէ Հայկ կամ Սուրէն Մանուէլեան կրնայի՞ն պանդուխտ գրողի իրենց սրտին ու հոգիին մէջ ամրափակ պահել, թաքցնել հայրենի գիւղին մխացող կարօտը։ Անոնք իրենց կեանքին ամէնէն թարմ եւ առոյգ շրջանը (մանկութիւն ու պատանեկութիւն) ապրած էին իրենց հայրենի կտուրին տակ։ Ծննդավայրին հողը, ջուրն ու մթնոլորտը իրենց ծուծին ու արիւնին մէջ էր։ Ուստի, պայթեցուցի՛ն իրենց հոգեյատակը նստած այդ կարօտը ու զայն վերածեցին ԳԻՐԻ։ Գաւառական գրականութինը այդպէ՛ս ստեղծուեցաւ Ամերիկայի մէջ։
  Գաւառական գրականութեան հետեւողական մշակումով՝ Բ. Նուրիկեան ի մտի ունէր, հաւանաբար, այլ պարագայ մը եւս։ Ան կը միտէր Ամերիկայի մեքենայացած կեանքին ու ապականած բարքերուն հակադրել իր գիւղին մաքուր մթնոլորտը եւ իր պարզունակ տիպարներուն մարդկայնութիւնը։ Ուրեմն՝ իր գրականութիւնը ձգտումնաւո՛ր էր նաեւ. իր մէջ կը պարփակէր ընկերադատիարակչական խորք մը։ Աւանդապաշտ գրագէտի մը տագնապա՛նք էր ատիկա։
Երկրորդ ուղղութիւնը ամերիկահայ կամ ամերիկեան կեանքի սեւեռումն է։
Գաւառի տոհմիկ նիւթերը օր մը պիտի սպառէին անշուշտ։ Գիտենք բոլորս ալ, որ սահող-գացող տարիներու բնական թաւալումով՝ հին կարօտները կոշկոռ կը կապեն, սրտերը կը թեթեւնան քիչ մը…։
Նուրիկեանի պարագային ալ այդպէս պատահեցաւ։ Գիւղէն ու գաւառէն վերցուած համով նիւթերու կողքին՝ ան տպաւորիչ պատկերներ սկսաւ գծել ամերիկահայ ժամանակակից բազմագոյն կեանքէն, լուսարձակ բանալով թէ՛ ազգային եւ թէ՛ ընկերային մտահոգութիւններու վրայ։ Վեր առաւ իր հերոսներուն նիստ ու կացը, վիշտը, կարօտն ու երազանքները։ Իր տիպարները ընդհանրապէս նո՛յն բարի ու միամիտ մարդիկն էին, որոնք պարզապէս միջավայր փոխեր էին,- ճակատագիրի բերումով՝ գաւառի խուլ անկիւններէն եկեր-հասեր էին Ամերիկա, իրենց բնորոշումով՝ «անուշ երկիր ազատութեան»…։
Ամերիկայի երկնքին տակ ի՞նչ պիտի ընէին այս հայ մարդիկը՝ պանդուխտ գեղջուկները։ Բանուո՛ր պիտի ըլլային։ Իրենց երիտասարդութիւնը պիտի սպառէին գործարաններու ծուխին ու մուրին մէջ։ Իրենց պարկեշտ նկարագիրը յաճախ պիտի բախէր դրամատիրութեան ու անկէ բխող տմարդի քաղաքակրթութեան մը կարծր իրականութիւններուն։
Նուրիկեան պիտի նկարագրէր այս բոլորը մի՛շտ կարեկից զգացումներով եւ  մարդկայնութեամբ թաթաւուն մերձեցումով։
Չէ՞ք յիշեր իր «Մաշած Աւել» պատմուածքը։
Նուրիկեանի ամէնէ՜ն բախտաւոր գրութիւնն է ասիկա թերեւս, որովհետեւ վերածուած է դասական կտորի ու տեղ գտած՝ հայերէնի դասագիրքերու կամ գրողներու կենսագրութեանց նուիրուած հաւաքածոներու մէջ։
Նուրիկեան այստեղ կը խօսի Արեւմտահայաստանի մէկ գիւղէն Ամերիկա ինկած հայ մարդու մը մասին՝ Ակոբ աղբար, որ իբրեւ աւելածու կ’աշխատի հսկայ գործատան մը մէջ։ Պարտաճանաչ բանուոր մըն է ան։ Աշխատանքի բոլոր ժամերուն, իր կլոր ձեռնասայլը առջեւ ձգած, անդադար կը շրջի երկյարկանի գործատան սրահներուն մէջ, կ’երթեւեկէ արտադրիչ մեքենաներուն միջեւ, կ’աւլէ ու կը մաքրէ գետինները։ Վկայ՝ իր մաշեցուցած աւելներուն խուրձերը…։
Բայց դժգոհ է ան իր կեանքէն երկու պատճառով. նախ, «Ամերիկայի մալ (ապրանք) եղանք գացինք» կը կրկնէ շարունակ ու կ’երազէ իր հայրենի երկիրը, ապա՝ շատ վտիտ է իր շաբաթական աշխատավարձքը, միայն ու միայն ինը տոլար ու տասնմէկ սէնթ…։ Իր բառով՝ «ծեր էշի պոչ, որ ո՛չ կ’երկննայ, ո՛չ ալ կը կարճնայ»։
Տարիներո՜վ Ակոբ աղբար այս գործը կ’ընէ, միեւնոյն աշխատավարձքով։ Բենիամին Նուրիկեան նկատել կու տայ որ ան «այնչափ կ’աւլէ ու կ’աւլէ, որ գործարանին տախտակամածն իսկ կը մաշի»։
Սակայն, տարիներու ու տասնամեակներու երկայքին կը մաշի ի՛նք եւս՝ Ակոբ աղբարը։ Կը տկարանայ, մազերը կը ճերմկին, ականջը կը ծանրանայ, ուսերը կը ծրին։ Մէկ խօսքով՝ կը ծերանայ։ Ու տխուր օր մը, գործատան վերակացուն զինք կանչելով կ’ըսէ.
– Վաղուընէ սկսեալ, շատ կը ցաւիմ ըսելու որ ա՛լ պէտք պիտի չունենանք քու աշխատանքիդ։ Երթաս բարով։
Ու Ակոբ աղբար կը հեռանայ աշխատավայրէն գլխահակ, ինքզինք նմանցնելով ՄԱՇԱԾ ԱՒԵԼԻ ՄԸ, որ մէկդի կը նետուի՝ տեղը թարմ հատ մը առնելու համար…։
Ահա՛ մարդուն տմարդութիւնը մարդուն հանդէպ։ Տմարդութիւն մը, որ «շահագործում» եւ «անարդարութիւն» անուններով ծանօթ է ընկերային ու տնտեսական աշխարհին մէջ…։
(Շարունակելի – 3)
Լեւոն Շառոյեան