Վերջերս ամէնքս կը գանգատինք երկար ժամեր տունը անցընելէն։ Կարծէք «Տունը Մնա՛» նախադասութիւնը եղած է ժամանակի նշանաբանը։ Ինքնամեկուսացումը պայման չէ որ ձանձրոյթի առիթ ըլլայ։ Ան կրնայ ըլլալ նաեւ բարեբեր առիթ մը, իրականացնելու կիսատ մնացած ու երկար ատեն ձգձգուած ծրագիրներ։ Ուրեմն եկէք մեր ժամանակը լեցնենք հետեւեալ տասը արդիւնաբեր աշխատանքներով.
Ա. Նոր լեզու սորվիլ
Կը յիշէ՞ք ինչպէս յաճախ մտածած էք ֆրանսերէն, սպաներէն կամ այլ օտար լեզու սորվելու մասին, բայց միշտ կը գանգատէիք որ ժամանակ չունիք։ Ահաւասիկ ձեզի կ’ընծայուի առիթը իրականացնելու այդ մէկը։ Կարելի է համացանցէն գտնել բազմապիսի կայքեր կամ բջիջայինի ծրագիրներ, որոնք կ’օգնեն ձեզի։ Այս առումով, յատկապէս ձեռնտու են Youtube-ի կայանները։
Բ. Պահարանը շտկել
Այո, ամէնքս կը տառապինք տակնուվրայ եղած մեր պահարաններէն, ունինք նուազագոյնը մէկ հագուստ, որ գիտենք անգամ մը եւս պիտի չհագնինք, կամ տափատ մը, որ շատոնց նեղցած է, բայց տակաւին տեղ կը գրաւէ պահարանին մէջ։ Միշտ ուզած ենք պահարանը շտկել, շարել ու կարգաւորել ամէն բան, բայց ժամանակ չենք ունեցած, կամ գոնէ մեր պատրուակը այդ եղած է։ Եկէք այս առիթէն օգտուինք, կարգաւորենք մեր պահարանները, ինչու չէ նաեւ տրամադրենք հին հագուստեղէնը բարեսիրական միութիւններու, թերեւս այս նեղ պայմաններուն չքաւորի մըն ալ օգնած կ’ըլլանք։
Գ. Երաժշտական գործիք մը նուագել սորվիլ
Մեզմէ շատեր հաւանաբար արդէն գիտեն երաժշտական գործիք մը նուագել, սակայն շատոնց լքած են այդ արուեստը, յանձնուելով առօրեայ կեանքի հոսանքին։ Այսօր առիթը ունին անոնք ստեղնաշարին փոշին մաքրելու, ձեղունէն կիթառներն ու ջութակները իջեցնելու եւ վերսկսելու երբեմնի նախասիրութիւնը։ Իսկ անոնք, որոնք երբեք ծանօթ չեն երաժշտութեան աշխարհին կրնան նոր սկսիլ։ Ինչպէս լեզուներ սորվելու այնպէս ալ երաժշտութեան պարագային համացանցը կրնայ մեծապէս օգտակար դառնալ։
Դ. Վերադասաւորել փաստաթուղթեր
Փաստաթուղթերը, ըլլան անոնք ուսման վկայականներ, աշխատանքի վկայագիրներ, կալուածներու պատկանելիութեան պիտակներ, թէ այլ թուղթեր, տարիներու ընթացքին կը կուտակուին եւ յաճախ կը վերածուին մէկ կոյտի։ Ինքնամեկուսացումը առիթ է զանոնք վերադասաւորելու եւ անջատ թղթապանակներու մէջ կարգաւորելու, որպէսզի անոնց գործածութիւնը հետագային աւելի դիւրանայ։
Ե. Գրականութեամբ զբաղիլ
Այս վերնագիրին տակ կ’ամփոփուին թէ՛ գրելը, թէ՛ կարդալը։ Եթէ նախապէս փորձած էք գիրք մը գրել, այս շրջանը լաւագոյն առիթն է այդ նպատակը իրականացնելու, ինչու չէ, թերեւս ձեր հեղինակած վէպը, պատմուածքը, կամ բանաստեղծութիւնը ըլլայ հանրայայտ գրական կտոր մը։ Իսկ եթէ ձեզի տաղտկալի կը թուի, փորձեցէ՛ք անպայման ընթերցանութիւնը ձեր մեկուսացման առօրեային անբաժան մասնիկը դարձնել։
Զ. Աշխուժանալ համացանցի վրայ
Եթէ նախորդ կէտին մէջ յիշուած թելադրանքին հետեւիք, գրական արտադրանք ունենաք, բայց վարանիք զայն տպարան յանձնելէ, կրնաք նաեւ զայն հրատարակել առցանց։ Առցանց կարճ գրառումներու միջոցով կրնաք նաեւ ձեր միտքերը արտայայտել, առանց ստիպուած ըլլալու գրական հատորներ լեցնելու։
Է. Մարզանք
Որքան ալ տարօրինակ թուի այս մէկը, սակայն ոչ միայն կարեւոր, այլ նաեւ անհրաժեշտ է այս փուլին։ Տունը երկար ժամանակ անցընողը կրնայ յանձնուիլ անկանոն ուտելու փորձութեան։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս փուլին մարզանք ընելը, նոյնիսկ թեթեւ, շատ կարեւոր է։
Ը. Բոյսեր խնամել
Եթէ ներսը մնալէն ձանձրացած էք, ապա պարտէզ մը ունենալը եւ գարնան արեւէն օգտուիլը լաւ գաղափար է։ Շատ հաւանաբար դժուար գտնէք այս մէկը, բայց պէտք եղածը հսկայ պարտէզ մը չէ. պատշգամը դրուած քանի մը թաղարներ կրնան կազմել պզտիկ պարտէզ մը եւ ձեզի տալ պահանջուած ժամանցն ու հոգեկան հանգստութիւնը։
Թ. Վերանորոգել տան կահոյքը
Նստարանին պատռած բազմոցը կարծէք ձեզի կը նայի, իսկ բազկաթոռին թափած ներկը աւելի ու աւելի ձեր ջիղերը կը խանգարէ։ Ինչո՞ւ չէ, օգտուեցէք այս առիթէն եւ լծուեցէք տան կահոյքը վերանորոգելու աշխատանքին։ Կրկին կը շեշտենք, եթէ որեւէ աշխատանք իրականացնելու դժուարութիւն ունիք, դիմեցէք համացանցի օգնութեան։
Ժ. Համակարգիչի ծրագրաւորում սորվիլ
Ահաւասիկ լեզու մը եւս որ կրնաք սորվիլ, համակարգիչի լեզուն։ Համակարգիչի ծրագրաւորումը հմտութիւն մըն է, որ կրնայ աշխատանքի մէջ ձեզի մեծ առաւելութիւններ տալ, որովհետեւ ան այս դարու ամէնէն պահանջուած հմտութիւններէն մէկն է, եթէ չըսենք ամէնէն աւելի պահանջուածը։