«Ասպարէզ».- Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային մարմինը կը հաղորդէ, թէ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած շրջագայութեան արգելքին պատճարով, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները առկախուած են:

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համագաղութային մարմինին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը, Միացեալ հայ երիտասարդները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը։

Նախատեսուած էր այցելութիւն Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան, քայլարշաւ՝ Հալիվուտի «Փոքրիկ Հայաստան» թաղամասին մէջ եւ բողոքի ցոյց՝ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց:

Ցեղասպանութեան համագաղութային մարմինը կը նշէ, որ որոշում տրուած է Լոս Անճելըսի եւ ամբողջ աշխարհի քաղաքացիներուն կողքի կանգնելու, որուն լաւագոյն միջոցն է տեղական իշխանութիւններուն կողմէ կիրառուած առողջապահական հրահանգներուն հետեւիլը:

Կը շեշտուի նաեւ, որ աշխատանքը կը շարունակուի Հայ Դատը պաշտպանելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրին արդարացի լուծման ուղղութեամբ՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը:

«Թէեւ այս տարի, 24 Ապրիլին մենք պիտի չկարենանք հաւաքուիլ եւ արդարութիւն պահանջել, բայց կը գիտակցինք, որ պէտք է գործադրենք մեր հաւաքական ջանքերը ամէն տարի: Մեր աշխատանքը կը շարունակուի: Մենք միասնական պիտի ըլլանք եւ մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք՝ իբրեւ յարգանք 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարենք մեր այլընտրանքային ոգեկոչման ծրագիրներուն մասին՝ մեր աւանդական հանրային հաւաքներուն փոխարէն», կը նշուի մարմինին յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնուի Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քոնկրեսի քայլերուն համար։