Այս գարունը …
Թէ ինչպէ՜ ս եկաւ,
Ինչպէ՜ս ծաղկեցաւ՝ ո՛չ ոք իմացաւ…
Բնութիւնը իր արդար ընթացքը չխախտեց
Ամպերը չուշացան գարնան յորդ անձրեւը առ աշխարհ ուղարկելէ։
Տակաւին գաղթած թռչունները կը վերադառնան եւ շատ հաւանական է որ հին բոյնը  կարկտնեն կամ ինչու չէ, նաեւ նո՜ ր մը շինեն։
Հողը իր բերքը կու տայ, ծառերը կը ծաղկին ամրան բերքը խոստանալու համար։
Այո, ամէն ինչ կարգին է …
Բայց մեր կեանքի թատերաբեմի ո՞ ր մասը փոխուեցաւ ,ի՞ նչն էր այն անէծքը, որ մեզի զրկեց գարունը գրկելէ, կեանքի վերապրումը վերապրելէ, մեր կեանքն եւս վերստին ծաղկեցնելէ…
 Գարուն ա , ձուն ա առել …
Շատ գարուններ կու գան ու կ’անցնին  հայուն կեանքին մէջ, բայց հարիւրամեակ մը առաջ եկած գարունը թո՛ ղ  չկրկնուի անգամ մը եւս…
Այդ, Հայոց Ցեղասպանութեան արիւնո՛տ գարունը։
Գիտէ՞ ք, տարիներ ետք այս գարնան մասին  ե՛ւս նոյնը պիտի ըսենք։
Թէեւ այս տարի թուրքի եաթաղանը չկայ, թէեւ գաղթի քարոտ  ու փշոտ սովի ճամբան չկայ, բայց անյայտ ու անբացատրելի թագաժահրը իր գործը  տեսաւ թուրքին նման։
Հազիւ Սուրիոյ տագնապէն խաղաղած, երբ խաղաղութեամբ պիտի անցընէինք աւագ շաբթուան յիշատակելի՛ օրերը, երբ մեր վերականգնած եկեղեցիները անգամ մը ե՛ւս պիտի խճողուէին հաւատացեալներով, երբ ամէն օր անկրկնելի պիտի ըլլար նախորդին նման …
Տակաւին «երբ» բառը երկար ու անհամար անգամներ պիտի կրկնէինք…
Ահա՛, այդ անմարմի՛ն պատուհասը մեզ կամաւոր կալանքի կ’ենթարկէ։
Լա՛ ւ ,նորէն լաւատեսութեամբ ըսենք՝ վերջը բարին թող ըլլայ։
Բայց չեմ կարծեր, որ այս օրերը պիտի կարենանք սրբել մեր յիշողութենէն։
Մոռնալ ձեւացնելով այս պատահածը,  բաժակին լեցուն  մասին մէջ ի՞նչ կրնանք գտնել։
Այո, շատոնց արդէն, իրարմէ հեռացած  ընտանիքի անդամները կրկի՛ն միասին կ’ապրին, միասին կը ճաշեն,կ’ընթրեն, երբեմն կը խաղան, ինչու չէ՝ երբեմն ալ կը  վիճին։
Կեանքը մեզի կը վերյիշեցնէ իր փոշոտ էջերու ծալքերուն մէջ  մրափող մոռցուած մեր երբեմնի կենցաղը։
Լա՛ ւ անդրադարձ մը կը թուի ըլլալ անցեալի բարի սովորութիւնները վերադարձնելը, նայինք անոնցմէ որո՞ նք կրնան համընկնիլ քսանմէկերորդ դարու մեր թոհ ու բոհին։
Մնացէ՛ք տունը եւ վայելեցէ՛ք ընտանեկան ջերմութիւնը։
Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան