ՀՀ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ Ասատին Սուրիոյ Անկախութեան տօնին առիթով։

Ընդգծելով հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը, նախագահ Սարգսեան յատկապէս շեշտած է. «Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած սրտցաւ մօտեցումը եւ հոգատար վերաբերմունքը տասնեակ հազարաւոր հայ փախստականներուն նկատմամբ մարդկային ցայտուն դրսեւորումներ էին, իսկ Սուրիոյ խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն ու դատապարտումը երախտագիտութեամբ ընդունուեցան ողջ հայութեան կողմէ»: