«Էրմէնիհապեր».-Եւրախորհրդարանէն ներս (ԵԽ) Թուրքիոյ հարցերու նոր զեկուցող Նաչօ Սանչես Ամօր եւ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Խառն խորհրդարանական յանձնաժողովի համանախագահ Սերկէյ Լակոտինսքին նախօրէին Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս ընդունուած նոր օրէնքին անդրադարձած են:
Այդ օրէնքով նախատեսուած է, որ շուրջ 90․000 բանտարկեալ ազատ կ’արձակուի, սակայն իրաւապաշտպաններու համոզումով` անոնց մէջ չկան բանտարկեալ լրագրողներ, մտաւորականներ, քաղաքական բանտարկեալներ եւ ուսանողներ:
Քաղաքական գործիչները համաներման այդ շրջանակը բաւարար չեն համարած եւ անոնց արժեւորումով ` քաղաքական աշխուժութիւն ցուցաբերելու համար կալանաւորուածները եւ դատապարտեալները մեծ հիասթափութիւն ապրած են:
ԵՄ ներկայացուցիչներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ անոնք յոյս ունէին, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը կ’ընդունէր այնպիսի օրէնք, որ պիտի ըլլար արդար եւ խտրականութիւն չդներ բանտարկեալներուն միջեւ:
«Թուրքիոյ մէջ իշխող կուսակցութիւնները լրագրողներուն, իրաւապաշտպաններուն եւ անոնց, որոնց քաղաքական հակառակորդ կը համարեն կ’ենթարկեն Covid-19 մահացու վտանգին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ամօրը եւ Լակոտինսքին լուսարձակի տակ առած են մարդաշատ բանտերուն մէջ առկայ համավարկի սպառնալիքը: Անոնք Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանէն պահանջած են արագացնել Թուրքիոյ հետ առնչուող դատական գործերու քննութիւնը: Միւս կողմէն կոչ ուղղած են ԵՄ անդամ պետութիւններուն կառավարութեան անդամներուն, որպէսզի թեմայի շուրջ զրուցեն թրքական իշխանութիւններուն հետ: