«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի նախաձեռնութեամբ իրականացուած շարք մը բարեփոխումներու ծիրէն ներս Թուրքիոյ մէջ մինչեւ այն ատեն օգտագործուող արաբատառ այբուբենը փոխարինուեցաւ լատինականով:
Սոյն փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ 1928-ին, իսկ անկէ առաջ բազմաթիւ քննարկումներ ծաւալած էին, թէ որ այբուբենը արաբականի փոխարէն աւելի յարմար կ’ըլլայ: Այդ քննարկումներու ընթացքին մեսրոպեան այբուբենը գործածելու առաջարկներ տրուած են նաեւ:
Յատկապէս թուրք բանաստեղծ, փիլիսոփայ Ռըզա Թեւֆիքը, որ օսմանեան շրջանին նաեւ խորհրդարանի պատգամաւոր եղած է, առաջարկած է արաբական այբուբենը փոխարինել հայկականով: 1926-ին թուրք երեւելիներէն մէկուն` Սապիհ Շեւքեթին գրած նամակին մէջ Թեւֆիք գրած է, որ թրքերէն բանաւոր խօսքը գրաւորի փոխակերպելու համար ամենայարմարը հայկական այբուբենն է:
Ան պնդած է, որ լատինականի փոխարէն նախընտրելի է հայկական այբուբենը ընդունիլ, որովհետեւ ան թրքերէնի հնչողութեան շատ աւելի յարմար է: