Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2020-ի առաւօտուն, «Քրիստափոր» Ուսանողական Միութեան անդամները, շարունակելով պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն նախազգուշացման իրենց աշխատանքը, հականեխեցին «Գանձասար»ի խմբագրատունը, ուր խմբագրակազմի անդամները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը կրճատուած ժամանակացոյցով։