Ըստ ամերիկեան «New York Times» թերթին, Թուրքիա, շատ հաւանականաբար, գաղտնի կը պահէ պսակաձեւ ժահրի պատճառով արձանագրուած մահերու իրական թիւը: Այս եզրակացութեան համար հիմք  ծառայած է վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած մահերու ընդհանուր վիճակագրութեան ուսումնասիրութիւնը:

Պարզուած է, օրինակ, որ 9 Մարտ 2020-էն մինչեւ 12 Ապրիլ միայն Իսթանպուլի մէջ վերջին երկու տարիներուն նոյն ժամանակահատուածին միջին ցուցանիշի համեմատ 2.100 աւելի շատ մահուան դէպքեր արձանագրուած են: Այլ խօսքով ասած`  նշուած շաբաթներուն ընթացքին մահուան պարագաները նախորդ տարիներու համեմատութեամբ աճած  են մօտաւորապէս 30 տոկոսով:

Միւս կողմէն, միայն Ապրիլի առաջին երկու շաբաթներուն արձանագրուած մահուան ընդհանուր պարագաներուն թիւը 50 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարիներու միջին ցուցանիշը:

Մահուան դէպքերու աննախադէպ աճը արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրէն մահուան առաջին պաշտօնապէս յայտարարուած դէպքէն` 17 Մարտէն տակաւին շաբաթներ առաջ:

վերլուծաբանները այդ մէկը բաւարար հիմք կը համարե ենթադրելու համար, որ իրականութեան մէջ Թուրքիոյ մէջ  մահացողները այդ մասին պաշտօնական յայտարարութենէն շատ աւելի շուտ սկսած են:

Նկատի առնելով համավարակի տարածման ու ընդհանուր վիճակագրութեան մէջ մահուան պարագաներու թիւի կտրուկ աճի զուգահեռ ընթացքը` փորձագէտները կ՚ենթադրեն, թէ պսակաձեւ ժահրի պատճառով արձանագրուած մահուան պարագաները իրականութեան մէջ շատ աւելի են պաշտօնապէս հրապարակուած թիւէն:

Վերլուծաբանները նաեւ կ՚ընդունին, որ կարելի չէ պնդել, թէ միջին վիճակագրական թիւը գերազանցող բոլոր մահուան պարագաները կապուած են պսակաձեւ ժահրի տարածման, բայց բոլոր հիմքերը կան առնուազն ենթադրելու, որ անոնց մէկ մասը, պայմանաւորուած է պսակաձեւ ժահրով: