«Արմէնփրէս».- Արցախի հետ Պելճիքայի հոլանտախօս պատգամաւորներու բարեկամութեան խումբը շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահն ու պատգամաւորները:

Արցախի հետ Պելճիքայի հոլանտախօս պատգամաւորներու բարեկամութեան խումբը շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր պատգամաւորներուն:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբէն,  շնորհաւորական նամակով բարեկամութեան խումբի անդամները ողջունած են ժողովրդավարական ճանապարհով իրենց երկիրը կազմակերպելու Արցախի ժողովուրդին յանձնառութիւնը, որ անոնք  յաջողած են իրականացնել` ի հեճուկս պարտադրուած մեկուսացման եւ բազում դժուարութիւններուն: Անոնք յայտնած են, որ, ցաւօք, չեն կրցած մասնակցիլ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպած Արցախի ընտրութիւնները դիտարկելու անկախ առաքելութիւնը, որ համավարակին պատճառով չեղեալ յայտարարտուեցաւ: