«Արմէնփրէս».- Հայաստանը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել պսակաձեւ ժահրի դէմ սեփական միջոցներով պայքարելու համար: Այս անգամ  Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարանի մասնագէտները պատրաստած են օզոնային 20 ելեկտրածին: Տարրալուծարանի  տնօրէն Անի Աբրահամեան

Սոյն սարքաւորումները նախատեսուած են փակ տարածքներու, նաեւ բժշկական սարքաւորումներու ախտահանման համար: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւն իր հովանաւորութեան տակ առած է:

Սարքը գործածելու ընթացքին սենեակին մէջ  մարդ պէտք չէ ըլլայ, օզոնը շնչառութեան համար վնաս է: Մասնագէտները սկիզբը պատրաստած են մէկ օրինակ, եւ ներկայացուցած են Առողջապահութեան նախարարութեան: Նախարարութենէն խումբ  ուղարկած են, նայելու համար, հաւանութիւն տուած են եւ 20 հատ ստանալու ցանկութիւն յայտնած են: Օզոնային ելեկտրածիներ կ’արտադրուին նաեւ Չինաստանի մէջ, սակայն Հայաստանի մէջ չեն եղած: Ապրահամեանի խօսքին համաձայն, Չինաստանի մէջ իւրաքանչիւրի արժէքը  100-1000 տոլարի միջեւ  է:

Աբրահամեան յայտնեց նաեւ,  թէ մտածած է, որ հիմա մարդիկ մեկուսացած են, եթէ փափաքին իրենց տուները ախտահանել, կրնան  ախտահանել ու վերադարձնել: Անոր խօսքով` ներկայիս օզոնային ելեկտրածիներով հետաքրքրուողները, դիմողները շատ են:  20 օզոնային ելեկտարածիներ մեծաւ մասամբ ձեռքով պատրաստուած են:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ գնուած 20 օզոնային ելեկտարածիները պիտի տեղադրուին հիւանդանոցներու մէջ:

Աննա Գրիգորեան