Գրեթէ հասած եմ  իմ յօդուածին աւարտին, երբ յանկարծ կը յիշեմ որ գրադարանիս մէջ ունիմ երկու գիրքեր, ուր արխիւային նամակներ կան տպուած՝ Բենիամին Նուրիկեանի առնչուող։ Պէտք է կարդալ զանո՛նք եւս։

Գրադարանէն վար կը բերեմ այդ երկու գիրքերը։

Առաջինը կը կոչուի «Համաստեղ – Նամականի», տպուած է Երեւան, 2003-ին, Լիբանանի «Կարպիս Լ. Նազարեան Հիմնադրամ»-ին նիւթական յատկացումով։ 504 էջ է։ Կը պարունակէ Համաստեղի նամակները՝ 18 տարբեր դէմքերու ուղղեալ։ Ատոնցմէ մէկն ալ Բենիամին Նուրիկեանն է՝ 12 նամակներով։ Նամականին կազմած ու ծանօթագրած է Հայաստանէն Մարգարիտ Խաչատրեան։

Երկրորդը, առաջինէն աւելի՛ հաստափոր, 780 էջ է։ Լիբանանահայ ծանօթ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի (19081998) ստուար նամականին է ասիկա, որ լոյս տեսած է Պէյրութ, 2012-ին, «Բանաստեղծին Սիրտը» խորագրով։ Հատորը կազմած, խմբագրած ու ծանօթագրած է արձակագիր Արամ Սեփեթճեան։ Այստեղ կան մեծաթիւ անձերու ուղղեալ կամ անոնցմէ ստացուած 500 շահեկան նամակներ։ Նուրիկեան ներկայ է հո՛ս եւս։

Բնականաբար, երբ երկու գրագէտներ կը նամակցին իրարու հետ, զուտ անձնական նիւթերը չե՛ն որ յառաջ կը մղուին երկուստեք, այլ գրական ու ազգային հարցեր, մտաւորական հետաքրքրութիւններ։

Նուրիկեան-Համաստեղ եւ Նուրիկեան-Վահէ-Վահեան նամակագրութիւններն ալ այդպիսին են։

Նախ կը թերթատեմ Համաստեղի նամականին։

Կ’անդրադառնամ որ ակնբախ նմանութիւններ կան Համաստեղի ու Բ. Նուրիկեանի միջեւ։ Գրեթէ տարեկից են անոնք, երկուքն ալ խարբերդցի են (մին՝ Փերչենճ գիւղէն, միւսը՝ Հիւսենիկէն), երկուքն ալ Ամերիկա գաղթեր են 1913-ին, երկուքն ալ վարպետօրէն մշակեր են գաւառական գրականութիւն՝ գիւղագրութիւն։

Նուրիկեանի յուշերէն գիտեմ, թէ ան Համաստեղին կը ծանօթանայ 1927-ին, Թլկատինցիի հատորին հրատարակութեան առիթով։ Երկու հայրենակից գրագէտները իրարու կը հանդիպին Նիւ Եորքի «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթի խմբագրատան մէջ ու միասնաբար կը քննեն եւ կը ճշդեն Թլկատինցիի հրատարակելի հատորին բարբառային դժուարիմաց բառերուն իմաստը։ Անկէ ետք՝ կը նամակցին տարբեր առիթներով։

Այսպէս, նամակներէն մին (1938) կը վերաբերի Նուրիկեանի «Այգեկութք» առջինեկ հատորին։ Համաստեղ կարդացեր ու հաւներ է այդ գիրքը։ «Ոճէն աւելի՝ Թլկատինցիէն ուրիշ շատ կարեւոր շնորհ մը ժառանգած ես. ատիկա անկեղծութիւնն է գրականութեան մէջ։ Գրքիդ յաջողութեան գաղտնիքը այդ անկեղծութեան մէջ գտայ», կը գրէ ան։

Ուրիշ 3 նամակներ կը պտըտկին Յ. Օշականի անունին շուրջ։ 1946-ին Նիւ Եորքի մէջ, Բ. Նուրիկեանի ատենապետութեամբ, «Յոբելենական Յանձնախումբ» մը կազմուեր է՝ նշելու համար Օշականի գրական ու կրթական գործունէութեան քառասնամեակը։ Այդ յանձնախումբը կրցեր է հանգանակել 800 տոլար՝ յոբելեարին անտիպները հրատարակելու նպատակով։ Համաստեղ նամակով մը կ’առաջարկէ Նուրիկեանի՝ առաջնահերթութիւն տալ Օշականի «Ծոփաց Աշխարհ» ուսումնասիրութեան լոյս ընծայումին։ Բայց աւելի ուշ կը պարզուի, թէ ձեռագիր 600 էջէ բաղկացեալ այդ գործին տպագրութիւնը կը կարօտի աւելի՛ մեծ գումարի, զոր ապահովելը դժուար ու տաղտկալի կը թուի…։ Միւս նամակներուն մէջ Համաստեղ անդրադարձումներ ունի իր նորատիպ «Սպիտակ Ձիաւորը» վէպին մասին։

Կ’անցնիմ Վահէ-Վահեանի նամականիին։

Այստեղ կան Վահէ-Վահեանի կողմէ Նուրիկեանի ուղղեալ 24 նամակներ եւ փոխադարձաբար ստացուած 4 պատասխան-նամակներ։

Վահէ-Վահեան Նուրիկեանին սերնդակից չէր (14 տարու աւելի փոքր էր անկէ), խարբերդցի ալ չէր…։ Բայց ան Նուրիկեանին կը միանար իր գրական նախաձեռնութեամբ՝ 19461955 Պէյրութի մէջ առանձինն հրատարակելով գրականութեան եւ արուեստի «Անի» ամսագիրը։ Երկու գրողները, մօտաւորապէս նոյն ժամանակաշրջանին, միեւնոյն դաշտի մշակներն էին ուրեմն։

 Վահէ-Վահեանի նամակներուն մէկ մասը գրի առնուած է Նիկոսիայէն (Կիպրոս), ուր, Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան մէջ, տասնմէկ տարի հայերէն դասաւանդեց ան (19351946)։ Մնացեալներն ալ գրուած են Պէյրութէն։

Իր առաջին նամակներուն մէջ, որոնք կու գան 1940-41 թուականներէն, բանաստեղծ Վահէ-Վահեան մտերմական թելադրանքներ ունի իր երէց գրչեղբօր։ Ան նկատել կու տայ որ թէ՛ «Այգեկութք» հատորը եւ թէ «Նոր Գիր» հանդէսին էջերը զերծ չեն քերականական բազմաթիւ մեղանչումներէ՝ «մասնաւորաբար բայերու ժխտական ձեւերուն գործածութեան մէջ»։ Կ’ուզէ որ Նուրիկեան աւելի խստապահանջ ըլլայ այս գետնի վրայ։

Այլ նամակներով՝ Վահէ-Վահեան իրեն աշակերտած երիտասարդ գրիչներու գործերէն չափածոյ կամ արձակ նմոյշներ կ’առաքէ «Նոր Գիր»-ին, կ’երաշխաւորէ անոնց արժանիքները։ Զորօրինակ, Սմբատ Տէրունեանի մասին կը գրէ.«Սմբատը Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան 1942-ի  շրջանաւարտներէն է, արժէքաւոր տղայ մը՝ թէ՛ իբրեւ գրական խառնուածք եւ թէ՛ մանաւանդ իբրեւ նկարագիր։ Ուրախութեամբ, եւ եթէ ներելի է՝ նաեւ հպարտութեամբ, կը ներկայացնեմ զինք ձեզի։ Արժանի է ամէն գուրգուրանքի եւ քաջալերութեան։ Գրական իր առաջին փորձերն իսկ երեւան կը բերեն որքան նուրբ զգացողութեան, նոյնքան նաեւ մտածումի ընդունակ հոգի մը» (1944)։ Զարեհ Մելքոնեանի  մասին կը վկայէ.«Ան վերջերս եկաւ մեր Հաստատութիւնը իբրեւ սան։ Շատ համակրելի եւ իրապէս խոստմնալից երիտասարդ մըն է» (1945)։ Կարպիս Սուրէնեանի մասին ալ կը գրէ սա՛պէս.«Հաստատութեան այս տարուան շրջանաւարտներէն է, քսան տարեկան, Աթէնք ծնած։ Հաստատութեան մինչեւ այս տարի տուած ամէնէն բազմակողմանիօրէն օժտեալ շրջանաւարտն է։ Նախադասութիւններուն քիչ մը անսովոր երկարութիւնը  եւ ոճին խրթնութիւնը երբեք բռնազբօսիկ չեն իր մօտ, այլ հետեւանք՝ որքան բարդ, նոյնքան ինքնատիպ իր խառնուածքին։ Շատ բան կը սպասեմ իրմէ եւ հաւատք ունիմ թէ յուսախաբ պիտի չընէ զիս» (1945)։ Տարիներ ետք, իր «Անի»-ի աշխատակիցներէն Գեղամ Սեւանի (յետոյ Հայաստան ներգաղթած) մասին խիստ է սակայն.«Շունչ ունի Գեղամը, ապրում, կեանքի հարցերու նկատմամբ կեցուածք, բայց յուսահատականօրէն անփոյթ է իր լեզուով, կառուցուածքով, եւ արտաքին այն բոլոր տարրերով որոնք մաս կը կազմեն արուեստին։ Անփոյթ է եւ անտարբեր՝ մատնանշուած իր թերութիւններուն նկատմամբ, զանոնք չկրկնելու ճիգին՝ օտար։ Եւ նոյնն է պարագան նորահաս մեր գրեթէ բոլոր գրողներուն։ ԱՆԻ-ի արտասահմանեան աշխատակցութիւններէն շատերը կը սրբագրուին ա՛յնքան՝ որ պէտք կ’ըլլայ յաճախ վերստին գրել ամբողջ էջեր» (1952)։

Նամակներու այս երկար շարքին մէջ կայ միա՛կ նամակ մը սակայն, ուր Վահէ-Վահեան դուրս կու գայ իր հանդարտաբարոյ մարդու ընկալեալ կաղապարէն ու… կրա՛կ կը ժայթքէ Նուրիկեանի երեսին։ Եւ նիւթը կ’առնչուի Յակոբ Օշականի։

Ի՞նչ պատահած էր։

Պիտի տեսնենք։

Լեւոն Շառոյեան
(Վերջին բաժինը՝ յաջորդիւ)