«Էրմէնիհապեր».-Իսթանպուլի Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող օսմանահայ նշանաւոր ճարտարապետ Միմար Սինանի նախագծած եւ կառուցած Քըլըչ Ալի փաշա դպրոցէն ներս (իսլամական ուսումնական հաստատութիւն) գողութիւն կատարուած է:
Թրքական աղբիւրին փոխանցումով` գողերը, օգտուելով պսակաձեւ ժահրի իրավիճակէն, մէկ շաբաթ ընդմիջումով 2 անգամ թալանած են դպրոցի պատմական եւ նիւթական արժէք ներկայացնող կիսագնդաձեւ գմբէթներու ծածկաթիթեղները:
Գողօնի ընդհանուր կշիռքը 1,5 քկ. է: Բացի այս գողութեան դէպքերէն, դպրոցը նախապէս ալ բազմիցս թալանուած է: Դէպքին առնչութեամբ ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է:
Պէյօղլու թաղամասի Քըլըչ Ալի փաշա դպրոցը կառուցուած է 1588-ին: