Ուժեղ կիներ կը համարուին անոնք, որոնք իրենց  կեանքի ընթացքին շատ մը դժուարութիւններէ  անցած  են եւ երբեք իրենց  յոյսը  չեն կտրած: Անոնք վճռական են, եւ սիրոյ  մէջ աներեւակայելի զոհաբերող: Ուժեղ կանայք օժտուած կ’ըլլան հետեւեալ յատկութիւններով.
Ուղղամտութիւն
Ուժեղ կինը միշտ ուղիղ կը խօսի ձեզի հետ: Երբ ան ըսելիք ունի, հարցին շուրջ չի պտտիր, այլ իր միտքը կ’արտայայտէ անկեղծ ու յստակ, առանց ակնարկներու: Ան գիտէ, թէ ի՛նչ կ’ուզէ եւ ի զուր չի վատներ իր ժամանակը:
Ինքնապաշտպանութիւն 
Ուժեղ կինը քաջութեամբ կը գծէ իր սահմանները եւ կը պահէ զանոնք: Եթէ բախում ստեղծուի, ան պատրաստ է  ստեղծուած  բախումին:Ան թոյլ չիտար, որ  ստորնացնես կամ ճնշես իրեն:
Ան իր չափորոշիչները ունի եւ դուն ստիպուած ես  անոր հետ վարուելու այնպէս ինչպէս որ ինքը արժանի է, այլապէս դրան կողմը ցոյց կու տայ քեզի:
Հաւատարմութիւն
Ուժեղ կինը կը մնայ  հաւատարիմ  իր անձին, մանաւանդ երբ գտնուի յարաբերութիւններու մէջ: Ան չի ծածկեր իր զգացումները, չի վախնար երբ  նոյնիսկ անոնք չափազանցուած ըլլան, քանի որ անկեղծ է:
Ինքզինք կառավարել գիտէ
Ուժեղ կինը անկախ ու  ինքնաբաւ է յաճախ: Ան հասկցած է կեանքը եւ պատասխանատուութիւն կրող է: Ան հոգատար է նաեւ իր կողակիցին ու ընտանիքին:
Ինքզինք գնահատել գիտէ
Ան գիտէ իր արժէքը, գիտէ թէ ինքը ինչ բանի արժանի է, այս պատճառով ալ երբեք չի թերագնահատեր ինքզինք:
Պատասխանատուութիւն կրող է
Քանի որ ան ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս է, կ’ընդունի իր սխալը, եթէ յանցաւոր ըլլայ: Ան սլաքները ուրիշ կողմ ուղղելով ուրիշը չի մեղադրեր: Եթէ սխալի, պատրաստ է լուծելու յառաջացած հարցերը:
Դիմացինը կը յարգէ
Ըլլալով անկախ եւ ինքնաբաւ անձնաւորութիւն՝ուժեղ կինը կը հասկնայ եւ կը յարգէ դիմացինը:
Սիրալիր է
Ուժեղ կնոջ հետ յարաբերութիւններու մէջ գտնուիլ՝ կը նշանակէ երբեք չկասկածիլ իր հաւատարմութեան վրայ:
Հեռացումներէ չի վախնար
Եթէ ան հասկնայ, թէ որեւէ յարաբերութիւն սպառած է եւ իմաստ չունի զայն շարունակել, չի վախնար հեռանալէ :Ան միշտ կը փորձէ տեսնել դիմացինին լաւ կողմը: