«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան ներկայացուցած է, թէ վերջին շրջանին ո՛ր երկիրներէն  ՀՀ քաղաքացիներու Հայաստան վերադարձը կազմակերպուած է եւ ի՞նչ քայլեր ձեռնարկուած են այդ ուղղութեամբ: Կը ներկայացնենք այս նիւթին մասին «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան հարցումներն ու Աննա Նաղդալեանի պատասխանները․

Հարցում. Վերջին շրջանին ո՞ր երկիրներէն ՀՀ քաղաքացիներու  Հայաստան վերադարձը կազմակերպուած է եւ այդ ուղղութեամբ ի՞նչ քայլեր  ձեռնարկուած են:

Ա․Ն․- Մենք բազմիցս  յայտնած ենք, որ արտերկիր գտնուող  եւ Հայաստան վերադառնալու փափաք յայտնող մեր քաղաքացիներուն վերադարձի կազմակերպումին համար աշխատանքները շարունակական բնոյթ կը կրեն: Այս առումով կը փափաքիմ յայտնել, որ պսակաձեւ ժահրով պայմանաւորուած սահմանափակումներու պարագային իւրաքանչիւր թռիչքի իրականացում իր մէջ բազմաշերտ գործողութիւններու ընթացակարգ կը ներառէ` սկսեալ թոյլտուութիւններու ձեռքբերումէն մինչեւ տեղւոյն եւ տեղափոխման առողջապահական անվտանգութեան վտանգներու արժեւորում եւ անոնց հասցէագրման համար անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկում: Ուստի վերոնշեալ հանգամանքներէն մեկնելով բնական է, որ թռիչքները որոշակի պարբերականութեամբ իրականացուին:

Փորձեմ ներկայացնել վերջին շրջանի տուեալները` հակիրճ:

Իրաքի  ՀՀ Դեսպանութեան եւ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) միջեւ սերտ գործակցութեան հետեւանքով 24 Ապրիլին Երեւան-Էրպիլ-Երեւան յատուկ թռիչք կատարուեցաւ` Հայաստան տեղափոխելով Իրաքէն հայրենիք վերադառնալու փափաք յայտնած ՀՀ 21 քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ` Էրպիլ տեղափոխելով Իրաքի 133 քաղաքացիներ:

27 Ապրիլին Լեհաստանի ՀՀ Դեսպանութեան աջակցութեամբ ՀՀ 18 քաղաքացիներ Վարշաւայէն հանրակարգով տեղափոխուած են Մինսք, ուրկէ Մինսք-Երեւան թռիչքով Հայաստան վերադարձած են:

28 Ապրիլին Քիեւ-Երեւան-Քիեւ  թռիչքը իրականացաւ եւ Հայաստան վերադարձան ՀՀ 120 քաղաքացիներ եւ ՀՀ մուտքի իրաւունք ունեցող Ուքրանիոյ 25 քաղաքացիներ: Այս թռիչքի կազմակերպման համար մեծ  աշխատանք  տարած են ՀՀ Դեսպանութեան, Օտեսայի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը եւ պատուաւոր հիւպատոսներու գրասենեակները: Թռիչքը կարելի եղած է Ուքրանիոյ ՀՀ Դեսպանութեան եւ Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան եւ համայնքային ներկայացուցիչներուն անձնական ջանքերուն շնորհիւ:

Սուրիայէն մեր քաղաքացիներուն վերադարձը եւս տեղի ունեցած է: 29 Ապրիլին Հալէպի ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած է ՀՀ քաղաքացիներուն Դամասկոս անվտանգ տեղափոխումը, որմէ ետք  Դամասկոսէն 3 քաղաքացիներ եւս  միասին, դէպի Երեւան թռիչք կատարեցին:

Առանձնապէս կ’ուզեմ յայտնել, որ վերոնշեալ նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ Հայաստան վերադարձած մեր բոլոր քաղաքացիները 14-օրեայ պարտադիր մեկուսացման մէջ կը գտնուին:

Հարցում. Ռուսիոյ Դաշնութեան (այսուհետեւ՝ ՌԴ) ՀՀ Դեսպանութեան մեր քաղաքացիներու կողմէն ի՞նչ հարցեր ի յայտ կու գան, եւ ի՞նչ կը կատարուին անոնց ուղղութեամբ:

Ա․Ն․- Նշեմ, որ ՌԴ-ի ՀՀ Դեսպանութիւնը ներկայիս 5000 դիմում  ստացած է, որոնց մեծ մասը 18 Ապրիլէն ետք ստացած է: 22  Մարտէն սկսեալ դիմումներու ընդհանուր քանակը 8500-ը անցած է:

20 Մարտէն սկսեալ  մինչեւ այսօր պանդոկներէն ներս ՀՀ 1200 քաղաքացիի կեցութիւնը ապահովուած է: Այսօրուան դրութեամբ դեսպանութեան կողմէ տրամադրուած պանդոկներէն եւ ժամանակաւոր կացարաններէն ներս կը գտնուին ՀՀ 350 քաղաքացիներ, որոնք սնունդով եւ անհրաժեշտ բոլոր պարագաներով ապահովուած են:

Ընդգծեմ, որ աշխատանքներ  տարուած են մօտաւոր 517 քաղաքացիի գործ հայթայթելու ուղղութեամբ: 117 քաղաքացի Մարտին, 400 քաղաքացի, յատկապէս կիներ, Ապրիլ ամսուան ընթացքին ՌԴ տարբեր մարզերէն ներս աշխատանքի սկսած են: Իսկ մօտաւորապէս 150 քաղաքացի աշխատանքի առաջարկէն հրաժարած է:

ՌԴ-ի ՀՀ դեսպանութիւնը բուժհաստատութիւններէն ներս գտնուող ՀՀ երկու տասնեակ քաղաքացիներուն եւ բուժանձնակազմին հետ մշտական կապ կը հասատատէ  եւ ըստ անհրաժեշտութեան՝ համապատասխան  պարագաներ կը տրամադրէ:

Օժանդակութիւն  կը ցուցաբերուի նաեւ տնային պայմաններու մէջ պսակաձեւ ժահրէն  բուժուող  ՀՀ 8 քաղաքացիի:

Տան ինքնամեկուսացման պայմաններուն տակ գտնուող եւ ծանր տնտեսական կացութեան մէջ յայտնուած 45 ընտանիքի մշտականօրէն կը տրամադրուի պարէնային զամբիւղ:

Ապրիլ ամսուան մէջ կազմակերպուած 7  թռիչքով Ռուսիայէն Հայաստան  վերադարձած է մօտաւորապէս 1500 քաղաքացի, որոնցմէ աւելի քան 1300-ը` անվճար: