«Էրմէնիհապեր».-Թուրք ընդդիմադիր լրագրող Նեճաթի Տողրուն մամուլի ազատութեան օրուան առիթով գրառում կատարած է:

Վերջին 18 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ մամուլի ազատութեան վիճակը արժեւորելով` Նեճաթի Տողրուն յատկապէս յայտնած է.

«Իր ձեռքին մէջ ահռելի քանակութեամբ թերթեր, պատկերասփիւռի ալիքներ, ձայնասփիւռային կայաններ, ամսագրեր, լրատուամիջոցներու տնօրէններ ունեցող իշխանութիւնները իրենց հասցէին արտասանուած քննադատութիւններուն իրենց պատկանող լրատուամիջոցներով պատասխան տալու փոխարէն քննադատութիւնները լռեցնելու համար իրաւապահ մարմինները գործի կը լծեն»:

Թուրք լրագրողը օրինակ  բերած է, թէ պետական պաշտօնեայի կողմէն հանրային տարածքի իւրացումը բարձրաձայնող լրագրողին ինչպէս  անհատականութեան դէմ ոտնձգութեան եւ ահաբեկչութեան աջակցելու յօդուածներով մեղադրած են։