Երկուշաբթի, 4 Մայիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի վարչապետին պաղեստինեան արեւմտեան հողերը Իսրայէլին միացնելու որոշումը, զայն համարելով թշնամական ընթացք եւ միջազգային օրինականութիւնը խախտող արարք, յատկապէս Երուսաղէմն ու Կոլանը Իսրայէլին կցելու որոշումը, որ յստակօրէն կը խախտէ միջազգային օրինականութիւնը:
Աղբիւրը աւելցուց, որ Սուրիան կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան վերջ տալու Իսրաէլի եւ ԱՄՆ-ի միջազգային օրէնքի իրարայաջորդ խախտումներուն, որոնք լրջօրէն կը սպառնան տարածաշրջանի եւ ամբողջ աշխարհի ապահովութեան ու խաղաղութեան: