«Ասպարէզ»․- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին վրայ պսակաձեւ ժահրի (COVID-19) համաճարակին բացասական հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով, Աշխատանքային յանձնախումբը վերջին քանի մը շաբաթներուն զանազան ձեւերով աջակցութիւններ տրամադրեց համայնքին։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին կազմած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի COVID19-ի Աշխատանքային Յանձնախումին մաս կը կազմեն տասնամեակներով համայնքին նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն, ՀՄԸՄ-էն, Համազգայինէն, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինէն ներկայացուցիչներ:

Շնորհիւ համայնքի գործարար եղբայրներ Գեւ եւ Վիգ Գույումճեաններուն եւ անոնց հօր՝ Ժագ Գույումճեանի կատարած նուիրատուութեան՝ յանձնախումբը հազարաւոր դիմակներ բաժնեց համայնքին մէջ: Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու տարածքին բաւարար դիմակներու չգոյութիւնը եւ անսալով տունէն դուրս դիմակներով դուրս ելլելու տեղական իշխանութիւններուն կոչերուն՝ աշխատանքային յանձնախումբը դիմակներուն մէկ մասը նուիրեց անոնց կարիքը ունեցող Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին, իսկ մնացեալը՝ շրջանի հայ համայնքին։

Նաեւ, հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» նշանաբանին՝ ուտեստեղէնի օժանդակութիւններ տրամադրուեցան հայ կարիքաւորներուն՝ Հոլիվուտի, Փասատինայի, Պըրպենքի, Օրենճ գաւառի, Կրանատա Հիլզի, Մոնթեպելլոյի, Հովիտի, Նորթ Հոլիվուտի եւ Կլենտէլի Հայ կեդրոններուն համակագումով, միշտ յարգելով ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու տեղական իշխանութիւններուն ցուցմունքները։ Կլենտէլի Հայ կեդրոնը նաեւ արիւնարշաւ մը կազմակերպեց, անսալով Ամերիկեան Կարմիր Խաչի կոչին։