«Հորիզոն».-Ուրբաթ, 1 Մայիս, 2020-ին, Քանատայի Պահպանողական Կուսակցութեան հրաւէրով, Հայ Դատի Յանձնախումբը հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Պաշտօնական Ընդդիմութեան եւ Պահպանողական Կուսակցութեան ղեկավար՝ Անտրու Շիրի հետ: Հայ Դատի Յանձնախումբին կողքին, հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ այլ համայքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Քանատայի խորհրդարանի անդամ Կարնէթ Ճէնըս:

Հանդիպումի ընթացքին, կողմերը քննարկեցին համավարակի պատճառով ստեղծուած ներկայ ճգնաժամային իրավիճակը, իւրաքանչիւր համայնքէ ներս տիրող կացութիւնն ու ժողովուրդին ու համայնքային կազմակերպութիւններու օժանդակութիւններ ապահովելու վերաբերող հարցերը:

Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պէլեան իր կարգին ներկայացուց Հայ համայնքէն ներս տիրող ներկայ պայմանները, այդ պայմաններու թելադրած անհրաժեշտ կէտերն ու անոնց ուղղութեամբ տարուող հետեւողական աշխատանքը Քանատայի տարածքին: