«Արմէնփրէս».- Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 Մայիսին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կառոյցներու՝ ԱՊՀ, ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացին: