Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2020-ին Սամա պատկերասփիւռային կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի Սուրիոյ մէջ մարդկային իրավիճակին շուրջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի առցանց նիստին յայտնած է, որ  արեւմտեան պետութիւններուն կողմէ Սուրիոյ վրայ բանեցուած  տնտեսական, առեւտրական, նիւթական եւ առողջապահական պատժամիջոցները  պէտք է դադրեցնել, յայտնելով, որ մարդկային իրավիճակի բարելաւումը Սուրիոյ պետութեան հետ գործակցութեամբ կրնայ իրականանալ, ուստի պէտք չէ մարդկային օժանդակութեան տրամադրումը քաղաքականացնել:
Ապա յայտնած է, որ Սուրիա եզակի  նախաձեռնութիւններով եւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն հետ գործակցաբար տեղեկացուցած է ՄԱԿ-ի քարտուղարին եւ Ապահովութեան Խորհուրդի իրարայաջորդ նախագահներուն, որ անհրաժեշտ է  անդամ պետութիւններուն կողմէ Սուրիոյ վրայ բանեցուած պատժամիջոցները վերացնել: Ան հաստատած է, որ այս ուղղութեամբ սուրիական կողմէն առաքուած գրաւոր պահանջքները ընդունուած են ՄԱԿ-ի քարտուղարին եւ կազմակերպութեան պատասխանատու մարմիններուն կողմէ, ինչպէս Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետըրսըն, Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան եւ աւելի քան 40 միջազգային կազմակերպութեան կողմէ, որոնք բոլորը շեշտած են  Սուրիոյ վրայ բանեցուած պատժամիջոցներուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Ճաաֆարի նիստին ընթացքին ըսած է, որ թրքական կողմը կը շարունակէ խախտել միջազգային օրէնքներն ու համաձայնութիւնները, Տիգրիս գետի ափին կառուցած  է «Էլիսօ» գետը, որուն պատճառով միլիոնաւոր սուրիացի եւ իրաքցի քաղաքացիներ տարիներ շարունակ պիտի զրկուին Տիգրիսի ջուրէն: Ան յայտնած է նաեւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ նաեւ ջուրի անջատումը որպէս զէնք օգտագործել Հասիչէի քաղաքացիներուն սպառնալու համար, ան կ’անջատէ Ալլուք ջրակայանը եւ շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի ջուրէ կը զրկէ: Սոյն արարքով, Թուրքիա ոճիր կը գործէ մարդկութեան դէմ: Այս երեւոյթը Ապահովութեան Խորհուրդէն արտակարգ ժողովներ կը պահանջէ՝ վերջ դնելու նման արարքներու եւ  հարցաքննութեան ենթարկելու թրքական իշխանութիւնները՝ յարմար պատժական տնօրինումներ սահմանելով անոր:
Ճաաֆարի եզրափակելով ըսաւ, որ թրքական ուժեր Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ Սուրիական Կարմիր Մահիկին աշխատանքը խոչընդոտեցին եւ անոր փոխարէն թոյլ տուին որ ապօրինի խմբաւորումներ մուտք գործեն Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններ, արգիլեցին Կարմիր Մահիկին մուտքը, ինչպէս նաեւ յարձակում գործեցին Կարմիր Մահիկի կեդրոնին վրայ, այնպէս ինչպէս Իսրայէլ կը գործէ 1967-ին սուրիական Կոլան քաղաքը գրաւելէն ի վեր: Այսպիսով Թուրքիան համահաւասար կը դառնայ Իսրայէլի՝  Կարմիր Մահիկին եւ Օգնութեան Խաչի կազմակերպութիւններու  աշխատանքին արգելք հանդիսանալով: