Պատերազմի աւարտէն ի վեր կը լսենք մարդակերտման կարեւորութեան մասին։ Խորքին մէջ, նախապատերազմեան շրջանին ալ «մարդ պտրաստել»ը մեր առօրեայ հիմնական նիւթերէն մէկը եղած էր։ Սակայն այս հարցին շուրջ բոլոր քննարկումները ոչ միայն թուղթի վրայ արձանագրուած անիրագործելի ծրագիրներուն շարքին դասուեցան, այլ աւելին՝ խօսուած բառի սահմաններուն մէջ մնալով չարժանացան նոյինիսկ գրաւոր արձանագրութեան։
Նախորդ տարիներուն պատերազմը եկաւ ամբողջովին մերկացնելու մեր բացթողումը։ Բազմաթիւ մարզերու, յատկապէս կրթամշակութային բնագաւառին մէջ մեր մեծագոյն տագնապը եղաւ արհեստավարժներու չգոյութիւնը։ Բացայայտուեցաւ, որ մենք, իբր գաղութ, երկար ատեն այնքան վարժուած էինք դուրսէն, յատկապէս հայրենիքէն եկած արհեստավարժներու, որ մենք մերը չէինք պատրաստած։ Աւելին՝ չէինք յաջողած ստեղծելու տեղական ուժերը քաջալերող մթնոլորտ մը, ուր գաղութի երիտասարդները մղուէին դէպի արհեստավարժութիւն՝ այս կամ այն մարզին մէջ։
Այսօր մենք կը գտնուինք ինքզինք պարտադրող կացութեան մը դիմաց։ Պատերազմի շրջանին «կցեցինք, կցմըցեցինք», այս ու այն միջոցով պահպանեցինք անիւին շարժումը։ Տարուած աշխատանքը, որքան ալ երախտապարտ ըլլանք անոր համար, այլեւս բաւարարեցնող չէ. իսկ աշխատանքի նոր ծաւալը մեզ կը դնէ մարդակերտման հրամայականին դիմաց։
Վերոյիշեալ մտահոգութիւններուն կու գայ աւելնալու պատերազմին գործած աւերը երիտասարդութեան հոգեմտաւոր աշխարհին վրայ։ Վերջնականապէս բուժելու համար երիտասարդութիւնը պատերազմի սպիներէն, անհրաժեշտ է ստեղծել հոգեկան վերապատրաստման ու վերականգման համակարգ, ըստ յարմարութեան իրականացնելով դասընթացքներ, սեմինարներ ու բանակումներ, ինչպէս նաեւ կրթական համակարգը համալրել դասարանային ու արտադասարանային աշխատանքներով, որոնք կը հարստացնեն մանուկին ու պատանիին հոգեմտաւոր աշխարհը եւ կ’ամբողջացնեն պատերազմի տարիներուն ստեղծուած պակասը։
Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր գաղութային համակարգը Ցեղասպանութեան ցնցումով ստեղծուած համակարգ է եւ մեզմէ հարիւր տարի առաջ մեր կառոյցները հաստատողները գործի անցած էին մեր այսօրուան մտահոգութիւններով։ Անոնց լաւագոյն լուծումը եղաւ հաստատել այն կառոյցները, որոնց բարիքները այսօր մենք կը վայելենք, զանոնք ժամանակի պահանջքներուն յարմարեցնելով։ Յաճախ կը լսենք այն առարկութիւնը, թէ մեր նախահայրերը ցեղասպանութենէն գալով, որքա՛ն ճիգ եւ ծախս թափած են «քարերուն վրայ»։ Այս առարկութիւնը ներկայացնողները կը բաժնուին հիմնական երկու խումբերու. առաջինը՝ կը նախընտրէ, որ այդ կառոյցներուն (դպրոց, ակումբ, եկեղեցի) փոխարէն հիմնուին տնտեսական հասոյթ ապահովող կառոյցներ (վաճառատուն, գործարան, արհեստանոց եւ այլն)։ Ըստ անոնց, առաջնահերթ կը նկատուի գաղութին տնտեսական վիճակի բարելաւումը։ Երկրորդ խումբը յարմար կը նկատէ, որ այդ գումարները ծախսուին, մարդ պատրաստելու վրայ։ Երկու խումբերն ալ ջերմեռանդութեամբ կը պաշտպանեն իրենց տեսակէտները, խոցելի գտնելով մեր նախնիներուն «քարի վայ դրամ թափել»ու վարքագիծը։
Այսօր, երբ կը գտնուինք վերականգման փուլի շեմին, անգամ մը եւս կը լսենք նոյն առարկութիւնները։ Անգամ մը եւս ձայները կը բարձրանան, անհեթեթ գտնելով եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ մարզական ու մշակութային կեդրոններու վերակառուցումը։ Սակայն այս առարկութիւնները ներկայացնողները հաւանաբար կ’անտեսեն, կամ չեն անդրադառնար, որ մարդակերտման իրականացման համար հարկ է ունենալ  յարմար ենթակառոյց։ Մանուկներուն ու պատանիներուն հոգեկան վերապատրաստման եւ կրթամշակութային համակարգի զարգացման համար պէտք է ունենալ մասնագէտներ։ Փորձը մեզի ցոյց տուաւ, որ կարիքը ունինք առաւելաբար տեղակա՛ն ուժերու։ Իսկ անոնց պատրաստութիւնը կ’ենթադրէ յարմար կառոյցի գոյութիւն։ Ինչպէ՞ս կարելի է պատրաստել ապագայ ուսուցիչը, եթէ չունենանք նախ այդ ճամբան ընտրողը խրախուսող համակարգ, դասընթացքներ, որոնց համար պէտք է ըլլան յարմարաւէտ կեդրոններ, սարքաւորուած դասարաններ… այլ խօսքով՝ արդիական ենթակառոյց։ «Մարդ պատրաստել» չի նշանակեր միայն ապագայ ղեկավարներու խաւը պատրաստել, այլ կը նշանակէ նաեւ պատրաստել կեանքի զանազան մարզերուն մէջ յաջողակ մարդիկ, որոնք կրնան իրենց միջավայրին մէջ դրական ներգործութիւն ունենալ եւ զայն քայլ մը առաջ տանիլ։ Նորարար արուեստագէտին, ներշնչող գիւտարարին ու փայլուն մարզիկին պատրաստութիւնը նոյնքան կարեւոր եւ էական է, որքան գաղութի տնտեսական բարօրութիւնը։ Փորձը մեզի ցոյց կու տայ, որ հոգեմտաւոր զարգացումը իր հետ կրնայ բերել տնտեսական վերելք, բայց տնտեսական բարօրութիւնը, անպայմանօրէն մշակութային զարգացում չի բերեր, ընդհակառակը՝ զեխ կեանքը յաճախ կրնայ տանիլ դէպի մշակութային սնանկութիւն եւ հոգեւոր ներաշխարհի ուծացում։
Վէճերը կը վերաշխուժանան։ Հանրութիւնը ամբողջութեամբ համաձայն է, որ վերականգման այս փուլին շեշտը պէտք է դրուի մարդո՛ւ վերականգման վրայ, սակայն միջոցներուն շուրջ տարակածութիւն կայ։ Շատեր յարմար կը տեսնեն, որ վերականգման յատկացուած գումարները «չծախսուին քարերու վրայ, այլ մա՛րդ պատրաստենք, մա՛րդ»։ Բայց ո՞ւր պիտի պատրաստենք այդ մարդը։ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր նախնիները այս հարցումին պատասխանը գտած են հիմնելով յարմար կառոյցներ։ Այսօր մենք ալ կը գտնուինք այդ կառոյցները վերականգնելու եւ ժամանակի կարիքներուն յարմարցնելու հրամայականին առջեւ. ըստ հարկին պիտի ծախսենք քարերուն վրայ, որովհետեւ այսօր չկատարուած ծախսին փոխարէն հետագային կրնանք շատ աւելի սուղ գին վճարել։
Յուշիկ Ղազարեան