ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան (ՆԱՈՒՄ) անդամները Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի, Արագածոտնի եւ Տաւուշի մարզերու հարիւրարաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրեցին անցնող օրերուն։

21 Մայիսին դաշնակցական երիտասարդները սկսան Շիրակի մարզի մէջ օգնութեան փաթեթներու բաշխումը։ Առաջին փուլով փաթեթները պիտի տրամադրուին 200 ընտանիքներու:
Շիրակի մարզի վերոնշեալ առաքելութեան աջակցած է Armenian Relief Society – Հայ Օգնութեան Միութիւնը: ՀՕՄ-ի տրամադրուած միջոցներով պատրաստուած են 350 փաթեթներ` յատուկ Շիրակի մարզին համար:
«Օգնէ՛ հայրենակիցիդ» ծրագիրով օժանդակութիւն եւ օգնութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի մարզերու եւ սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այս գծով, իրենց ներդրումը կը կատարեն, նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնն ու Հ․Մ․Ը․Մ․- Հ․Ա․Ս․Ք․-ը։