Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՚ողջունէ Չեխիոյ ծերակոյտին կողմէ ինչպէս Հայոց, այնպէս ալ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ազգային եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին նացիներու կողմէ մարդկութեան դէմ ի գործ դրուած յանցագործութիւններու դատապարտման բանաձեւին միաձայն ընդունումը։

Յիշենք, որ սա երկրորդ անգամն է, որ Չեխիոյ Օրէնսդիր տունը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սա քայլ մը եւս յառաջ կը մղէ Հայոց Ցեցասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը։
«Այս առիթով կոչ կ՚ուղղենք Եւրոմիութեան մնացեալ քանի մը անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն, որոնք ցարդ նման բանաձեւեր չեն ընդունած, յիշելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յորդորելու Թուրքիան, որ ճանչնայ ցեղասպանութիւնը վերջապէս եւ հայ ժողովուրդին հատուցում կատարէ», յայտնած է Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հասարակական կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան։

Յիշենք, որ 25 Ապրիլ 2017-ին, Չեխիոյ պատգամաւորներու պալատը եւս նման բանաձեւ ընդունած էր։