Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին, Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ին, կէսօրին ժամը 12:00-ին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 102-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Հայ ժողովուրդին համար գոյութեան խորհրդանիշ եղող 28 Մայիս 1918-ի անկախութեան նուիրուած հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Հալէպի Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմինները, համայնքապատկան վարժարաններու կրթական մշակներն ու հանդիսատեսներ: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի բացման խօսքով: Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինին մէջ մեներգով իրենց բաժինը բերին Նայիրի Պարսումեան եւ Ծիլա Գերպապեան «Սարդարապատ» երգի կատարումով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեագալեանի, ֆլիւթի ընկերակցութեամբ Շողեր Գերպապեանի: Այնուհետեւ Արինա Պօշկեզէնեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց «Ամենայն Սիրով» քերթուածը:

Խօսք առաւ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հանրապետութիւն եզրը, որ 28 Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդին կողմէ կերտուած հաւաքական սխրանքներով եւ միասնական ոգիով կերտուած քաղաքական անցումային նոր փուլ մըն էր:

Հայ Աւետարանական Միացեալ երգչախումբը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի յաջորդաբար ներկայացուց «Արժանի» եւ «Վերականգնէ՛ Կիլիկիա» երգերը:

Ապա կազմակերպող մարմինին կողմէ պատրաստուած 28 Մայիս 1918-ի պատմական իրադարձութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ:

«Տուն Իմ Հայրենի» երգին հմայիչ  մենակատարութեամբ հանդէս  եկաւ  Արմանի Հերա Սելիմեան:

Օրուան պատգամն ու խորհուրդը ուղղեց Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը սովորական երեւոյթ մը չէր, որովհետեւ Հայաստանի անկախացումը յաջորդած էր Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին եւ համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն, հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 102-ամեակը մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք մահ ու կենաց իմացեալ պայքար մղեցին: Համայնքապետ Վերապատուելին աւելցնելով ըսաւ.«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումով, հայ ժողովուրդը իր ուրոյն կամքով եւ անզուգական կորովով եւ  վճռակամութեամբ նուաճեց սեփական  հայրենիք ունենալու յաղթանակը՝ ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելով: Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մէջ նշանակալից դերակատարութիւն ունեցաւ համաժողովրդային պայքարը: Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ կազմուած կամաւորական գունդերն ու ժողովրդային ջոկատները յեղափոխական շունչով դրծուած հայրենասիրական վեհ ու ազնիւ գաղափարներով տոգորուելով պայքարի միասնական դաշտ ստեղծեցին թշնամիին դէմ:

Ազատ եւ անկախ հայրենիքի կերտումով հիմքերը դրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմինին եւ արժեհամակարգին: Պետականութեան վերականգնումը մղիչ եւ ոգեւորիչ ուժ դարձաւ համայն հայութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի նուիրական ու վեհ ձգտումներուն մարմնացումը՝ կառուցելու  ժողովրդավար, իրաւական ու ընկերային արդարութեամբ ամրագրուած պետութիւն եւ ազատ ու արդար հասարակական կեանք»:

Համայնքապետը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ.«Հայրենի հողը սուրբ է: Մեր պարտաւորութիւնն է տէր կանգնիլ մեր ձեռքբերումներուն եւ զօրավիգ դառնալ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն:

Նպաստելով մեր հարիւրերկու ամեայ պետութեան ամուր խարիսխին պահպանման, հաւատարիմ ժառանգորդները պիտի ըլլանք  Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կտակին»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն «Երեւան- Դարձած» երգի հաւաքական երգեցողութեամբ եւ Վերապատուելի Համայնքապետին առաքելական օրհնութեամբ եւ աղօթքով:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան