«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայերուն, որ դիմեն Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին եւ հանրապետական փոքրամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիին՝ անոնցմէ խնդրելով, որ նեցուկ կանգնին Արցախի Հանրապետութեան առնուազն 1,5 տոլար տրամադրելու առաջարկին, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջացնել «Հէյլօ Թրասթ»ի սկսած Արցախի ակազերծման ծրագիրը։
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը որոշած է ամավարկէն հանել Արցախի վերապահուած նպաստը, որուն կ՛ընդդիմանայ նաեւ Պաքուն։
Դիմումները կարելի է կատարել www.anca.org/ save կայքէջին միջոցաւ։