Yerkir.am –ի հարցումներուն կը պատասխանէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Երկիր»– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք համավարակի դէմ պայքարի այսօրուան վիճակը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան– Այդ մասին Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը արդէն տուած է իր գնահատականը հիմնուած իրավիճակի բազմակողմանի վերլուծումներու և մասնագիտական տեսակէտներու համադրման վրայ: Համաճարակը անշուշտ համաշխարհային փորձութիւն է ժողովուրդներու եւ պետութիւններու համար: Ոչ մէկ երկիր, ոչ մէկ կառավարութիւն լիարժէք պատրաստ էր այդ ծաւալի առողջապահական, տնտեսական, մարդկային, հոգեբանական, անվտանգային և այլ հարցերը դիմակայելու համար: Բայց պետական հաստատութիւններու, կառավարութեան կազմակերպած աշխատանքը պարտէր կարելի դարձնել արագ արձագանգումը, համարժէք լուծումներ գտնելը, նախ` կասեցնելով վարակի հետագայ տարածումը, ապա` անոր դէմ արդիւնաբեր պայքար շղթայազերծելով: Ցաւօք, ճիշդ այս առումով ՀՀ կառավարութիւնը թույլ տուաւ լուրջ սխալներու, որոնց հետևանքով է նաև այսօրուան մտահոգիչ ու վտանգաւոր իրավիճակը: Տակաւին կ’ակնկալենք, որ ՀՀ քաղաքական ղեկավարութիւնը դրսևորէ պետական մտածողութիւն ու անկէ բխող գործելաոճ: Հակառակ պարագային կ’ունենանք անդառնալի կորուստներ, որոնց ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ ԱԺ մեծամասնութիւնը, ՀՀ կառավարութիւնը, անձամբ`վարչապետը:

«Ե.»– Բայց ամիսներ առաջ կ՚ահազանգէին մասնագէտները, քաղաքական ուժերը եւ կառավարութեան անյետաձգելի ձեռնարկներու առաջարկներ ու համապարփակ ծրագիրներ կը ներկայացնէին:

Յ.Տ.Խ.– Ճիշդ էք: Բազմաթիւ առաջարկներ, ներկայացուած ՀՅԴ-ի, այլ քաղաքական կուսակցութեանց եւ մասնագէտներու կողմէ, իշխանութիւնը պարզապէս անտեսեց, իսկ երբ շարունակական պնդումներէ ետք փորձ եղաւ մասնակիօրէն նկատի առնելու կամ ալ կիսատ-պռատ արձագանգելու` արդէն ուշ էր: Արդիւնքը եղաւ այն, որ կառավարութիւնը ինքնզինք զրկեց համաճարակի դէմ պայքարին առնչութեամբ մասնագիտական աջակցութենէ: Հակառակ այս մթնոլորտին, ՀՅԴ Բիւրօն համայն հայութեան մղեց հասնելու Հայաստանի օժանդակութեան. իր շարքերով, մարմիններով, ուղեկից կառոյցներով (ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային), երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով առաջին օրերէն իսկ անցաւ աշխատանքի, կատարեց առաքումներ եւ հաստատեց ծրագիրներ ու այսօր ալ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը հասնելու Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կարիքներուն: Բնականաբար կ’ակնկալէինք որ համահայկական պատրաստակամութեան պատեհ առիթը օգտագործելով՝ համախումբ մթնոլորտով, միասնական ճակատով եւ համայն ազգի միջոցներով կարողանայինք պայքարիլ համաճարակին դէմ: Նման համախմբման նախաձեռնողը իշխանութիւնը ինքը պէտք էր հանդիսանար՝ խորհրդակցութեան հրաւիրելով բոլոր քաղաքական ուժերը, որպէսզի համախոհութեամբ դիմագրաւուին ճգնաժամին մարտահրաւէրները: Իշխանութիւնը պարտէր յայտնաբերել քաղաքական կամք՝ ամէն տարակարծութիւն մէկդի դնելով բոլորը համախմբելու, միասնական ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք համախոհութեամբ իրագործելու: Սակայն, ճգնաժամի այս օրերուն իշխանութիւնը չմնաց իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ: իշխանութիւնը ոչ միայն այդ չնախաձեռնեց, այլ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ կատարեց պառակտիչ յայտարարութիւններ ու այլընտրանքային տեսակէտներու հանդէպ անհանդուրժողականութեան դրսևորումներ: Խորհուրդներուն անսալու, օգնութեան համար երկարած ձեռքը բռնելու, ձախող ընթացքէն հրաժարելու և սեփական սխալները սրբագրելու փոխարէն՝ անընդհատ փորձեց մեղաւորներ փնտռել։ Եւ կրկին ականատեսը եղանք իշխանութեան կողմէ գռեհիկ ոճով ներքին թշնամիներ որոնելու եւ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութեան: Իսկ վերջին զարգացումները արդէն կը վկայեն ընդդիմութիւնը լռեցնելու նպատակով գործադրուող բռնաճնշումներուն մասին։

«Ե.»– Նկատի ունիք վարչապետի ելոյթին որակումնե՞րը ՀՅԴ-ի մասին։

Յ.Տ.Խ.– Ոչ միայն: Այսօր, իշխանութեան տեսակէտէն տարբեր խօսքի հանդէպ անհանդուրժողական վերաբերմունքը համատարած է: Իսկ ինչ կը վերաբերի վարչապետի այդ ելոյթին, ապա հոն հնչած արտայայտութիւնները թէ՛ բովանդակութեամբ, թէ՛ ձևով, թէ՛ օգտագործուած բառապաշարով յարիր չէին պետութեան առաջնորդին, քաղաքական ղեկավարին: Բովանդակային քննադատութեան եւ յստակ առաջարկներուն նման ձևաչափով պատասխանելը ոչ միայն քաղաքական սխալ է, այլև լրջագոյն հիմնահարցեր դիմակայող հասարակութիւնը թուլցնող քայլ: Անթոյլատրելի, անընդունելի, վտանգաւոր քայլ: Ըստ երևոյթին, վարչապետը չէ հասկցած կամ ալ դիտմամբ կը թերագնահատէ Դաշնակցութեան էութիւնը, ուժը, կամքն ու ոգին։

«Ե.»– Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ելքը։

Յ.Տ.Խ.– Նկատի առած ստեղծուած իրավիճակը, առաջնային նպատակը պէտք է ըլլայ ներազգային համերաշխութեամբ ճգնաժամի յաղթահարումը և ազգային ուղեգիծին համապատասխան երկրի անվտանգ զարգացման ապահովումը։ Իսկ այս բոլորը կ’ենթադրեն նոր որակի իշխանութեան ձևաւորում։