15 Յունիսին լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը, որուն վարչութեան անդամ է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, գումարեց կեդրոնական նիստ մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ներքին հարցերուն մէջ թրքական միջամտութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին կարգ մը քանդիչ խմբաւորումներու կողմէ համայնքային սադրանքներու նախապատրաստութեամբ:
Համախմբումը կտրականապէս մերժեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր տեսանիւթերը, որոնք համայնքային սադրանքներ կը սերմանեն եւ լիբանանահայութեան դէմ գրգռութիւններ կը հրահրեն:
Համախմբումը ապահովական կառոյցներէն եւ դատական իշխանութենէն պահանջեց կտրուկ եւ խիստ միջոցառումներ որդեգրել Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ ապահովական կայունութեան սպառնացող այդ խմբաւորումներուն դէմ: