Ութը տարեկան էի, երբ Կաղանդ Պապուկէն խաղալիքի փոխարէն հայերէն գիրք խնդրեցի: Եւ այդ տարի էր, որ կախարդուեցայ հայերէն լեզուի հմայքով:
Երկու տարի առաջ անհամբեր կը սպասէի դպրոցական պետական քննութիւններու աւարտը, որպէսզի արձանագրուէի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ: Արտասովոր ապրումներ ունեցայ, երբ առաջին անգամ ներկայացայ Հայագիտականի առաջին դասապահուն: Մէկ կողմէն անսահմանօրէն ուրախ էի, չէ՞ որ վերջապէս պիտի սկսէի մասնագիտանալ մայրենիիս մէջ, միւս կողմէն մէջս կասկած մը կար, որովհետեւ Հայագիտականի հայերէնը չէր նմաներ դպրոցի հայերէնին: Ինչ որ դպրոցը մէկ պահուան մէջ կը ստանայինք, այստեղ պիտի ստանայինք մանրամասնութեամբ եւ քանի մը պահուան տեւողութեան: Եթէ՞ չյաջողէի ծնողքիս եւ հարազատներուս յոյսերը արդարացնել, կամ չընտելանայի դասարանի մթնոլորտին… այսպիսի խոհեր միտքս կը տանջէին այդ օրերուն:
Այս բոլոր կասկածները, սակայն, յօդս ցնդեցան, երբ ծանօթացայ դասախօսներուս եւ դասընկերուհիներուս: Երբ դպրոցական էի, կը կարծէի, թէ հայերէն սորվիլը շատ դիւրին է, բայց հիմա կը հաստատեմ, որ հայերէնը ամենեւին ալ դիւրին չէ: Արեւմտահայերէնի քերականական օրէնքները սորվողին համար որոշ դժուարութիւններ կը յարուցանեն մերթ ընդ մերթ, որովհետեւ լեզուաբաններ տակաւին համաձայնութեան չեն եկած անոնց շուրջ, ուստի՝ Հայագիտականի ուսանողը պարտաւոր է սորվիլ քանի մը լեզուաբանի ուղղութիւն, մինչեւ որ մէկ եւ միասնական օրէնք մը որդեգրուի:
Սորվիլն ալ բաւարար չէ, անհրաժեշտ է սորվածդ կիրառել գրելով, խօսելով, պատմելով…:
Հակառակ զանազան դժուարութիւններուն, սակայն, ուրախ եմ որ մաս կազմած եմ այս ընտանիքին եւ կը հաւատամ, որ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը գաղութիս տրոփող սիրտն է, եզակի գանձ մը Սփիւռքի այս գողտրիկ անկիւնին մէջ: